ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Կիրակի, 30 Մայիսին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, միաբան հայրերու ու հաւատացեալ ժողովուրդի՝ կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով։
Ս. պատարագին ընթացքին, ձեռամբ հայրապետին կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը, որուն աւարտին կաթողիկոսը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որ «ամուր ու անսասան պահէ մեր ազգին Հանրապետութիւնը եւ շնորհք ու իմաստութիւնը տայ բոլոր անոնց, որոնք իշխանութեան պատասխանատուութիւնը ունին, որպէսզի կարող ըլլան ուղիղ դատաստանով ու արդարութեամբ առաջնորդել մեր ժողովուրդը»։ Հայրապետը նաեւ աղօթեց, որ Աստուած Իր Ս. Աջով օրհնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, մեր հայրենիքը եւ մեր Ս. եկեղեցին։
Ապա, պատարագիչ հայր սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Խօսելէ ետք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան մասին ու յատկապէս ընդգծելով «Մարդու Որդին չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու» Քրիստոսի խօսքը գործով ցոյց տալու ու կեանքով ապրելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան տօնին առիթով, ան լուսարձակի տակ առաւ հայրապետին անցնող աւելի քան 25ամեայ ծառայական առաքելութիւնը։ Վեհափառ հայրապետին 26 տարիներու գահակալութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ ան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին փաստօրէն բոլոր բնագաւառներէն ներս դարձաւ եւ իր ծառայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձուց տիրական ներկայութիւն։ Ապա, պատարագիչ հայր սուրբը միաբանութեան անունով շնորհաւորեց կաթողիկոսին անուանակոչութիւնը՝ յիշելով, որ 53 տարիներ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան յիսնամեակին, իր ձեռնադրութեան ժամանակ ստացած է «Արամ» անունը։
Նշենք, որ Ս. պատարագին աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ 1918 թուականին Սարդարապատի, Բաշ Ապարաանի, Ղարաքիլիսայի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար իրենց արիւնը թափած ու նահատակուած մեր ժողովուրդի քաջամարտիկ ու հերոս զաւակներու հոգիներուն համար։
Յայտնենք, որ Մայիս 28ին, Հայաստանի Ա. անկախութեան տօնին օրը, Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի լրատուամիջոցին ճամբով, վեհափառ հայրապետը առցանց տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։ «Ամեակները սոսկ անցեալին նայելու առիթներ չեն։ Անոնք նաե՛ւ յիշեցում են ու մարտահրաւէր՝ անցեալի լոյսին տակ ու ներկայի պայմաններուն համահունչ, քննական հայեացքով ու նպատակասլաց տեսլականով ապագան ծրագրելու ու կերտելու։ Այսպէ՛ս է Մայիս 28ն մեր ազգին համար», իր պատգամին մէջ ըսաւ Արամ Ա.։