Գէորգ Պետիկեան
«Մի գրէ՛ք, ծաղիկ պոկելը արգիլուած է,
որովհետեւ հովը կարդալ չի գիտեր»:
Արեւելեան առած
Օրերէ ի վեր, իբրեւ Հալէպի Ճեմարանականներ, մեր սիրելի ընկերուհի, բարեկամուհի, գաղութին ծանօթ բարերարուհի ու սրտակից՝ Սաթիկ Սապունճեան Տէր Յովհաննէսեանի ճակատագրի քմայքին ստեղծած սուգը մեծ վիշտ պատճառած է բոլորիս անխտիր: Որովհետեւ, առ յաւէտ կորսնցուցած ենք անձնաւորութիւն մը, որ կը սիրէինք, կը յարգէինք եւ մեծ ու արդար համարում ունէիք իրեն հանդէպ: Ու իր ընտանիքին կողքին, այս նաեւ մեծ կորուստն էր Հալէպի Ճեմարանին ու անոր հին ու նոր սաներուն ալ:
Այո՛, դժուար է պատկերացնել վերջնական լռութիւնը, տեւաբար խինդ, բարութիւն եւ կամեցողութիւն բաբախող սրտի մը զարկին: Ան մեզմէ բաժնուած էր առանց նոյնիսկ մնաք բարով մը ըսելու: Բայց ո՞վ կրնայ բողոքել ճակատագրին դէմ: Անոր համար, իր բացակայութիւնը մեզ տակաւին շատ երկար ատեն շշմած վիճակի մէջ պիտի պահէ: Ու հաւատացէ՛ք, դժուար կը գիտակցինք անողոք այս իրականութեան, ու նոյնիսկ տակաւին ապշած ու շուարած ենք եւ չենք հաւատար յաւիտենական կորուստը այն հայուհիին, որ իր բարի ու կամեցող սրտին զոհ գացած էր, անակնկալ եւ անժամանակ:
Մեզի համար հանգուցեալ Սաթիկը հարազատ վկայ մըն էր, որուն հայ գիրին ու գրականութեան, իր պատկանած Ճեմարանին եւ իր ապրած գաղութին ու նոյնքան ալ հայրենիքին հանդէպ ունեցած յարգանքը, սէրն ու պաշտամունքը, ինչպէս նաեւ մեր մշակոյթին իր ցուցաբերած գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եղած էին անգնահատելիօրէն օրինակելի եւ առատաձեռն:
Զինք մօտէն ճանչնալու բախտին արժանացած էի, տակաւին իր աշակերտական տարիներէն:
Ինք միակ դուստրն էր Հալէպի Հայկազեան նախակրթարանիս եւ ապա Ք.Ե. Ճեմարանի վաստակաշատ ուսուցիչներէս ու տարիներ ետք պաշտօնակից՝ պարոն Կարապետ Սապունճեանին, որուն պարկեշտութեամբ, վեհանձնութեամբ, անկեղծութեամբ ու համեստութեամբ շաղախուած շունչով, ան հասակ առած էր։ Ապա, նոյնքան մաքուր եւ մեծահոգի ճեմարանական Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի հետ ընտանեկան բոյն մը կազմած, հաւատարմօրէն հետեւելով իր հօրը, այն օրհնեալ սերունդին պատկանող կրթական մշակին քայլերուն, որ իր նմաններուն նման, Եղեռնէն ետք, հայ գաղութներուն հայկականութիւն ներշնչելով, որոշ դիմագիծ տուին: Պատուական ընտանիքի մը աղջիկը, կ՛ըսեմ շուրջիններուս, բայց դժբախտաբար ճակատագիրը պոկած էր մեր հարազատին ֆիզիքական ներկայութիւնը, ու մեզմէ բաժնած՝ անակնկալ:
Ու ես չեմ գիտեր, յետ մահու այս խօսքերովս, կամ նման որդեգրումովս, որքանով պիտի կարենամ արդարացնել հանգուցեալի մաքուր նկարագրին, եւ անոր զոհաբեր ոգիին հանդէպ ունեցած յարգանքս:
Հանգուցեալը, իբրեւ կին, մայր, քոյր եւ ընկերուհի, ոչինչ զլացած էր բոլորիս: Մէկ խօսքով, անմոռանալի անձ մը, որ մեր ծանօթացման առաջին իսկ օրէն, միշտ մնաց մեզի հետ, իբրեւ քաջալեր հանդիսացող, իբրեւ հասկցող ու նուիրեալ ընկերուհի, մանաւանդ անկեղծօրէն արտայայտուող ու հոգացող ճեմարանական մը: Բարի, ծառայասէր ու ազգասէր էր Սաթիկը: Խառնուածքով` ընկերասէր, գրասէր ու մանաւանդ մշակութասէր էր: Իր մէջ շեշտուած էր ընթերցասիրութիւնը: Անձնապէս կրնամ հաստատել: Կը կարդար միշտ: Բարի սովորութիւն մը, որ ներկայիս կը պակսի քիչ մը ամէն տեղ:
Միւս կողմէ, իրեն համար ապրում էր իր զաւակներուն տագնապները մտիկ ընել եւ խորհուրդ տալ անոնց, հարազատ մտերմութեան մէջ: Նուիրեալ հայուհի մը, հայ կին եւ հայ մայր մը, բարի ու հասկցող եւ մանաւանդ զոհաբերող ծնողք մը: Ոչինչ խնայած էր իր նպատակներու իրագործման համար: Ասիկա եղած էր իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը: Յարգանքով ու միշտ անուշ ժպիտը դէմքին կը փոխանցէր իր թելադրանքներն ու ցուցմունքները, կը կատարէր իր գնահատականներն ու արդարացումները, կը յայտնէր իր ներողամտութիւնն ու մտահոգութիւնները ու կը հեռանար քաղաքավար, նոյնքան ալ յարգանքով: Ընտանեկան սրբութիւնը վեր էր բոլոր նկատառումներէն: Գիտէր ղեկավարել իր ընտանիքը`ամբողջականօրէն բարոյական արժէքներէ մեկնելով:
Համեստ կենցաղով ներկայութիւն մըն էր հանգուցեալը, որ լաւապէս գիտէր դիմացինը յարգել, եւ երախտապարտ ոգիով գնահատել, հեռու նեղմիտ մտածողութենէ, անկողմնակալ ու հաստատ իր բոլոր կեցուածքներուն մէջ:
Իր ամուսնոյն՝ Մհերին հետ նոյն ոգիով ապրեցաւ եւ ապրեցուց, իբրեւ պատրաստակամ եւ ծառայասէր, իբրեւ ազգային բարերարուհի եւ նուիրեալ, ի՛ր պատկանած վարժարանին, ի՛ր ՀՕՄին, ի՛ր եկեղեցիին, եւ ի՛ր գաղութի ազգային կազմակերպութեանց նկատմամբ:
Բոլորին նման զինք կը յարգէի, որովհետեւ պատանեկութենէն մինչեւ վերջերս տեղի ունեցած մեր վերջին հանդիպումը, երկար տարիներ ծայր աստիճան յարգած էր զիս եւ իր բոլոր շրջապատը: Չեմ յիշեր, եւ չեմ գիտեր, եթէ կային անձնաւորութիւններ, որոնց հանդէպ ժխտական կեցուածքներ ունենար: Անոր համար, անձնապէս կը հաւատամ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որ զինք մօտէն կամ հեռուէն ճանչցած էր, անկասկած տակաւին զինք երկար պիտի յիշէ: Այսօր զինք կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք իր մէջ փնտռած ու տեսած էին իր պարկեշտութիւնն ու վեհանձնութիւնը, համեստութիւնն ու ջինջ հոգին, հայու բարերար ոգին, որ իր համակ կեանքին խորհրդանիշները դարձուցած էր: Բազմիցս Հայաստան այցելած, եւ միշտ իր վերադարձին, բոլորիս մեծ յոյսով, խանդավառ ու հայաշունչ մթնոլորտով բաժնած էր իր քաղցր տպաւորութիւնները:
Հանգուցեալը խոր գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ ապրեցաւ իր գաղութին, իր դպրոցին եւ դպրոցներուն, եւ իր հայրենիքի նուիրական ծառայութեան գործադաշտին մէջ: Հալէպի Ճեմարանի ի նպաստ մեր բոլոր ձեռնարկներուն, իր տեւական եւ օրինակելի ներկայութիւնը, մեզի հպարտութիւն ներշնչեցին: Ամէն առիթներով իր նպաստը բերած էր մեր կրթական եւ մշակութային կեանքի ծաղկման, որուն շնորհիւ իր գոյութիւնը, կարողութիւնները եւ բոլոր ուժերը իմաստաւորելով, հաստատապէս դարձաւ գեղեցիկ ու օրինակելի երեւոյթ մը: Ու այդպէս մնաց մինչեւ իր վաղամեռիկ կեանքը:
Հանգուցեալ Սաթիկը մեզի համար համեստ ու պարզ, ծառայասէր, հայրենասէր, աշխատանքը սիրող, պարկեշտ ու օրինակելի եւ սկզբունքի տէր բարերարուհի մըն էր: Անոր համար, իրմէ անուշ յիշատակները կ՛ապրին եւ պիտի ապրին, անկասկած:
Արդ, յարգելի Սաթիկ, դո՛ւն իբրեւ հայ արժէքներու յանձնառու առաքեալ, այս տողերս թող ըլլան ափ մը խունկ ու աղօթք՝ քու արդար յիշատակիդ, օրինակելի յարգանքիդ, անսակարկ նուիրումիդ ու եւ անսահման գուրգուրանքին համար:
Հանգիստ՝ հոգիիդ եւ ոսկորներուդ ու մխիթարութիւն բոլորիս: