ԵՐԵՒԱՆ.- Mediaport թելեկրամեան ալիքը 31 Մայիսին հրապարակեց լուսանկարներ Աբովեանի թոքախտաւորներու հիւանդանոցի դիահերձարանէն, ուր նեղ նկուղի մը մէջ գետինը՝ վրայ վրայ նետուած են հարիւրաւոր նահատակ զինուորներու մարմիններ եւ մասունքներ` կերպընկալէ տոպրակներու մէջ զետեղուած:
Այս ցնցիչ եւ սահմռկեցուցիչ պատկերը շատ արագ տարածուեցաւ համացանցային տարբեր հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ ընդվզումի ալիք յառաջացուց 44օրեայ պատերազմին նահատակուած եւ ցարդ չգտնուած զինուորներու ծնողներուն մօտ։
Առողջապահութեան նախարարութիւնը, արձագանգելով հրապարակումներուն՝ հաստատեց, որ լուսանկարները Աբովեանի դիահերձարանէն են՝ միաժամանակ պնդելով, թէ այդ պայմանները կը բաւարարեն դիակներու պահման պահանջները՝ աւելցնելով. «Չնայած այն հանգամանքին, որ մասունքների տեղաշարժը նպատակայարմար չէ, եւ դրանց պահման ներկայ պայմանները համապատասխանում են մասնագիտական պահանջներին, այնուամենայնիւ, որոշել ենք ընդառաջել ծնողների ցանկութեանն ու տեղափոխել այլ դատաբժշկական կենտրոնի սառնարանային հատուած` զերծ պահելով հարազատներին լրացուցիչ ցնցումներից»:
Աւելի ուշ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ունին 50 մասունքներ, որոնք քանի մը անգամ ենթարկուած են փորձաքննութեան, բայց կարելի չէ եղած «Տի.Էն.Էյ.»ը անջատել: Մնացած բոլոր դիակները փորձաքննուած են, որոնց մէկ մասը` ներկայ դրութեամբ 149ը, ծնողներու տուեալներուն հետ չեն համընկնած:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարը ներողութիւն խնդրեց զոհերու հարազատներէն` նշելով. «Իմ բացթողումն է եղել, որ որոշակի տեղափոխութիւններից յետոյ նորից անձամբ չեմ այցելել եւ համոզուել դիակների պահպանման մանրամասներին»:
Վարչապետի պաշտօնակատարը պատասխանատու գերատեսչութիւններուն յանձնարարեց ծառայողական քննութիւն կատարել` պարզելու համար, ո՛ր պաշտօնեայի անփութութեան իբրեւ արդի՞ւնք ծագած է Աբովեանի դիահերձարանին մէջ պատերազմի զոհերու մարմիններու պահպանման պայմաններու հարցը:
Քննչական կոմիտէն սկսաւ այս մասին նիւթեր նախապատրաստել՝ չբացառելով, որ քրէական գործ յարուցուի:
«Ազատութիւն» կայանը 1 Յունիսին այցելեց նշեալ հիւանդանոցը, սակայն լրագրողին արգիլեցին նկարահանումներ կատարել, այդուհանդերձ, բաժինի վարիչը բանաւոր զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ դիակները տեղափոխուած են Մարտունի քաղաքը՝ մերժելով այլ հարցումներու պատասխանել։
1 Յունիսին անյայտ կորսուած զինուորներուն հարազատները փակեցին Հերացի փողոցը, ուր կը գտնուի դատաբժշկական գիտագործնական կեդրոնը, եւ ուր կը կատարուին «Տի.Էն.Էյ.»ի քննութիւնները:
Պատերազմէն 8 ամիսներ ետք, հարիւրաւոր ծնողներ տակաւին կը փնտռեն իրենց որդիներուն մարմինները. հանրապետութեան դիահերձարաններուն մէջ չճանչցուած մարմիններ կան, ըսաւ անոնցմէ մէկը։ Անոնք հարցուցին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հաստատել, որ իրենց որդին նահատակուած է, սակայն անկէ ոչ մէկ բան յանձնել. «9 ամիս այ չկայ, ասում են` մահացած ա, դիակը չկայ, ԴՆԹ չի բռնում, օդ ցնդե՞ց էդ էրեխէն: Թող բերեն գոնէ դիակը տան, որ ես իմանամ որտեղ եմ լացում», յայտնեց որդեկորոյս մայր մը:
Ծնողներուն ձեռքին կայ ցանկ մը, որուն մէջ տարբեր դիահերձարաններու մէջ գտնուող մարմիններու եւ մասունքներու գաղտնագիրներ կան. շուրջ 400 մասունքներ ու 200 մարմիններ կան Հերացիի, Մեծամօրի, Աբովեանի, Մարտունիի դիահերձարաններուն մէջ. ծնողները որոշեցին առանձին խումբերով շրջիլ դիահերձարանները եւ պարզել` արդեօք ճի՞շդ են իրենց տրուած տուեալները:
«Գնում ենք էդ մասունքները, հատ առ հատ պարկերը հաշուենք, որ վաղը նորից չասեն` հոպ, 200 հատ էլ յայտնուեց ես իմ` Պօղոսի սառնարանից, եթէ ստորաբար չտանեն չթաղեն էրեխեքին, առանց տալու ծնողներին», յայտարարեց Արսէն Ղուկասեան:
«Ովքեր չեն յանձնել ԴՆԹ, թող գան յանձնեն, որ եթէ այն մարմինները, որոնց նոյնականացումը եղել ա, բայց ոչ ոքի չի համընկնում, կարող ա Աստուած չանի, բայց իրանցը լինի, թող չթողնեն ոսկորները ստեղ տանջուեն, տանեն յուղարկաւորեն, յանձնեն հողին», ըսաւ ան։
Ծնողները բարձրաձայնեցին, որ իրենք շփոթի ու տանջանքի մէջ են այս անորոշութեան պատճառով: Քիչ չեն դէպքերը, երբ ընտանիքը «Տի.Էն.Էյ.»ով նոյնականացուած մասունք կը յուղարկաւորէ, յետոյ դարձեալ հեռաձայն կը ստանայ` թէ համընկնում կայ, հնարաւոր է նոյն մարմնի մէկ այլ մասունք գտնուած է։ Այսպիսով ծնողներուն համար տանջանքի եւ սպասումի նոր գողգոթա կը սկսի։