Մենք գահ ու թագ չե՜նք ունեցել,
Եւ… արքա՜յ է ամէն մի հայ.
Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,
Եւ… սպա՜յ է ամէն մի հայ։
Գէորգ Էմին
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մեր երազներէն եւ պայքարներէն ծնած, վերականգնումի բեւեռացած ջահ՝ ՄԱՅԻՍ 28ը յիշելու օրն է: Ինչպէ՞ս այդ ընել՝ երբ Հայրենիքը կորսնցնելու վտանգին դիմաց կը գտնուինք: Մեր ներկան այնքա՜ն անլոյս է, որ անցեալով շնչել մանկական խաղ է, ցնորամտութիւն: Եւ ի հարկէ, իշխանատենչներուն եւ քաղաքականութիւն խաղցողներուն մեծ մասին համար բանաստեղծները բառի հտպիտներ են, որոնց համար բեմերու վրայ տեղ չկայ: Անոնք բանաստեղծին տեղ չեն տար:
Անոնց տեղ չկայ, որովհետեւ անոնց խօսքը ոչ աւելի ոչ պակաս Նազովրեցիի շաչող մտրակ է, բայց մտրակի հարուածները չեն հասնիր մեր թագ չունեցող եւ թագ երազող, զօրք չունեցող բայց վարձու ուսնոցներով ճօճուող սպաներուն, փակ դռներու ետին փառք երազողներուն: Գէորգ Էմին մեր ժողովուրդի ջոջական համատարած հակումներուն ախտորոշումը ըրած է, դիակնոսդիկան: Գէորգ Էմին չկայ, բայց յայտնատեսի իր վճիռը կայ, զոր պաստառի պէտք է վերածել եւ կախել ամէն տեղ, ամէն կարգի թեկնածուներու գովազդներէն վեր:
Քաղաքական գիտութիւններու վերլուծաբաններ օր մը պէտք է հրապարակեն Հայաստանի վարչապետական աթոռին կարողական (potentiel) թեկնածուներու ցանկը, իրենց արժեւորումներն ալ ընկերացնելով: Եթէ անոնք համաձայնին, որ պիտի դադրեցնեն պայքարները եւ յաջորդաբար, հերթով, վարչապետ պիտի ըլլան, առնուազն հարիւր տարուան համար աթոռին տիրութիւնը ապահովուած կ՛ըլլայ եւ կը հաստատուի ներազգային խաղաղութիւն: Երկիր մը, որ այսքա՜ն մեծ թիւով առաջնորդ ըլլալու յաւակնութիւն ունեցողներ ունի, բնական է, որ ղեկին առջեւ անոնք զիրար հրմշտկեն, զիրար խաչաձեւեն, եթէ ղեկը տեղէն չհանեն: Այդ ընելով, նաւը պիտի զարնեն խութերու:
Երբ «արքա՜յ է ամէն մի հայ»…
Երբ «սպայ է ամէն մի հայ»…
Եթէ բոլոր փառատենչիկները եւ անփոխարինելիները, ներսը եւ դուրսը, այսօր Գէորգ Էմինին հանդիպին, կամ իրենց ճամբան կը փոխեն, կամ, աւելի արմատական եղանակով, եթէ իշխանութիւն ունին, զայն «կը ձերբակալեն», իրենց եսի վիրաւորանքին համար:
Ժողովրդավարութիւնը ամբոխահաճութեան (populisme) հակառակն է: Գիտականօրէն կը բացատրուի, որ մարդիկ, չափահասներ, երբ կը խմբուին, ամբոխ կը դառնան, որքան ալ իրենց մէջ գտնուին խելօքներ, իրենց խելքի աստիճանը կ՛ըլլայ մանկական, անմիջական, կը դադրին իսկապէս ողջախութեամբ տրամաբանելէ: Հոգեբանները ուսումնասիրած են երեւոյթը: Անհատաբար քարկոծելով կատու չենք կրնար սատկեցնել, բայց երբ ամբոխ ենք քարկոծելով կրնանք մարդ կը սպաննել:
Շատեր կը գրեն եւ կը խօսին մեր երկրի ճգնաժամի, օրհասական վիճակի մասին: Շատեր ալ, անցեալի արդար քննադատութիւնները վերածած են կրօնական վարդապետութեան (քէն եւ կիրք), եւ ներկայի աղիտալի վիճակը կ՛արդարացնեն, կամ պարզապէս աւելի վատին սարսափով իրենց աչքերը խուփ կը պահեն, որ չտեսնեն իրականութիւնները: Մտածական, հոգեբանական եւ քաղաքական լաբիւրինթոս, որմէ դուրս պէտք է գալ` վաղուան մտահոգութեամբ:
Իսկ ինչպէ՞ս, ինչո՞վ կարելի է արդարացնել ներկայ իրավիճակը, պահ մը մոռնալով դերակատարները: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար մտածել այլ ձեւով եւ հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ներկայ իրավիճակէն դուրս գալ: Իրավիճակ` որ կրնայ առաջնորդել պետութեան փլուզման եւ հայրենիքի կորուստի, որ կը դիմաւորուի կրաւորականութեամբ:
Անփառունակ պարտութիւն, ցոյցեր, քննադատութիւններ, լրատուամիջոցներու մնայուն դարձած մերկացումներ, ձերբակալութիւններ, բազմապատկուող եւ անվերջանալի դատեր, բաւարար չեղան Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն յառաջացնելու, հիւանդագին դարձած ծիւրումի եւ անոր հետեւանքով անզգայութեան եւ ճակատագրապաշտութեան առաջքը առնելու: Հիմա, բնական պայմաններու մէջ ապրող երկրի մը պէս, Հայաստան կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութեան` բազմաթիւ խմբաւորումներով, դաշինքներով, ամէն քայլափոխի յայտնուող նոր կուսակցութիւններով:
Ծայրայեղութեան մթնոլորտի մէջ, մէկուն յաղթանակը եւ միւսին պարտութիւնը կրնան ունենալ խիստ անբաղձալի հետեւանքներ, որոնց անունը չեմ ուզեր տալ:
Եթէ նպատակ է երկրի վերականգնման իրականացումը իշխանափոխութեամբ,- այդ է ընդունուած-յայտարարուած առաջադրանքը,- այդ կարելի՞ է ապուխտի շերտերու պէս կտրատուած ուժերով: Երկիրը պարտութենէն ետք ալ նախայարձակումներու ենթակայ է, կացութիւն՝ զոր յաղթահարելու համար աւելի քան երբեք հաւաքական կամք պէտք է, պատասխանատուութեամբ իշխանութեան ղեկը յանձնելով յարմարագոյն անձերուն, անկախ անոնց պատկանելիութիւններէն: Մեծ խնդիր է, թէ ո՞վ եւ ինչպէս պիտի ճշդէ յարմարագոյնը, փակագիծի մէջ դնելով եսերը, հինը եւ նորը: Ինչպէ՞ս այդ ընել սրուած կիրքի մթնոլորտի մէջ:
Այսքան՝ ընտրական բեմադրութիւններու մասին:
Մեծ հարցականը կը վերաբերի Հայաստանի դէմ գործած միջազգային ուժերու մասին եղած յայտարարութիւններու, ըստ որոնց պէտք է քանդուին ազգային ինքնութեան պատուանդան հանդիսացող արժէքները,- կրօնական, մշակութային, բարոյական, եւայլ: Այս թափանցումները սկսած էին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, եւ շարունակուած են: Ամենէն յատկանշականներէն եղան Հայաստանեայց եկեղեցիին հեղինազրկումը, Հայոց Ցեղասպանութեան անտեսման միտումները՝ թշնամութիւնները յաղթահարելու համար, հայոց պատմութեան ուսուցման վերանայումները, եւայլն: Հիմա Հայաստանի հեռատեսիլը կը սփռէ թրքերէն յայտագրեր եւ երգեր…
Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստան կը պատրաստուի ընտրութեան:
Քուէարկութիւնը պէտք է պատասխանէ հիմնական մէկ հարցումի. զիջումներով երկիր կը կառավարուի՞, թէ՞ ոչ, միանա՞լ եւ պայքարի՞լ, թէ՞ ընդունիլ թշնամիին վերջնագիրները, տիքթաթները:
Յաճախ կը յիշեմ Ի դարու ֆրանսացի մեծ գրող Անթուան տը Սէնթ-Էկզուբերիի խօսքը, որ երբ ձիւնապատ վայրի մէջ ջախջախուած է օդանաւը, պէտք է ոտքի ելլել եւ ընել առաջին քայլը, ապա` երկրորդ առաջին քայլը, եւ այդպէս շարունակ: Այդպէս է նաեւ զիջումը. պէտք չէ ընել առաջին ետ քայլը, քանի որ ապա պիտի պահանջեն երկրորդ ետ քայլը, եւ այդպէս շարունակ:
Իսկ ազգի համրանքի մեծամասնութիւնը հանդիսացող Սփիւռքը, բարեսիրականէ տարբեր, բարեսիրականի զուգահեռ, պիտի ցուցաբերէ՞ ոչ տեսաբանական-զգացական հայրենատիրութիւն, ոչ միայն բանիւ… այլ ընելով լիիրաւ ներկայութեան առաջին քայլը, երկրորդ առաջինը, որ չըլլան երեւելիութեան ցանկութիւն կամ պարզապէս զբօսաշրջութիւն, տուրիզմ…
Հայելիին առջեւ կանգնիլ եւ կրկնել.
Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,
Եւ… սպա՜յ է ամէն մի հայ…
Ներսը եւ դուրսը:
Յիշել նաեւ մարդկային կիրքերու եւ զարտուղութիւններու մեծ մեկնաբան Վիլեամ Շէքսփիրի «Մաքպեթ»ի մէջ ըսած խօսքը. «Ան որ կ՛երդնու եւ կը խաբէ, դաւաճան է եւ կախաղանի արժանի»: Խաբել՝ ըսելով մէկ բան, ընելով ուրիշ բան, նաեւ՝ այդ տեսնելով եւ լռելով: