Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կը պատահի, չէ՞, որ գրիչդ կամ համակարգիչի ստեղնաշարին տեղադրած մատներդ չեն շարժիր, չեն ենթարկուիր բաներ մը արձանագրելու կամքիդ: Սա կը կոչուի գրելու դժուարութիւն, դժուար պահ. կը ստեղծուի՝ երբ գրելիքդ անկարելի, աներեւակայելի կը թուի:
Հիմա, նման վիճակի մատնուած եմ, երբ կը փորձեմ միտքերս եւ յիշատակներս կարգաւորել, քանի մը տող արձանագրելու ընկեր Խաժակ Տիքիճեանի մասին, որ կանխահաս կերպով բաժնուեցաւ մեզմէ՝ ընտանիքէն, հարազատներէն, ծանօթներէ եւ ընկերներէ: Դժուար է գրել ո՛չ միայն անոր համար, որ շատերու պէս չեմ հաշտուած անոր մեկնումի իրականութեան հետ, այլ նաեւ անոր համար, որ կարելի է հազար ու մէկ բան արձանագրել եւ յիշատակել (ո՞րը ընտրել) կեանքի մը պատմութենէն, որուն գլխաւոր լիցքը եղաւ ծառայել մեր ժողովուրդին ու անոր Դատին, դատ՝ իր ամէնէն լայնածիր իմաստով:
Մօտաւորապէս 50 տարիներու վրայ երկարող յուշերու պաստառը շատ ընդարձակ է. յուղարկաւորութեան օրը, այդ բոլորը ներկայացան իր կենսագրականով եւ իր յիշատակին արտայայտուած սրտի խօսքերուն ընդմէջէն: Ուրուագծումը կատարուեցաւ, պատանութեան օրերէն՝ միութենականի, կուսակցական եւ ազգային գործիչի անոր հարուստ վաստակին: Նախկին դասընկերներ, հարազատներ եւ ընկերներ-ծանօթներ կրնան բազմաթիւ սիւնակներ լեցնող վկայութիւններ արձանագրել, ամբողջացնելու համար այդ ուրուագիծը, դիմաստուերը: Տերեւ մըն ալ՝ հոս:
…1960ականներու վերջերուն, երբ միացայ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, Խաժակ Տիքիճեանն ու նմաններ արդէն հոն էին: Այդ օրերուն, տարիքի փոքրագոյն տարբերութիւնն իսկ «հաշուի առնուելիք բան» էր, մանաւանդ, որ ինք եւ իրեն պէս՝ մեզմէ առաջ հոն եղողները կը դիտուէին իբրեւ փորձառու, գործունեայ ընկերներ, որոնք լծուած էին լուռ ու մունջ աշխատանքի, կը ստանձնէին վարչական եւ այլ պատասխանատուութիւններ, իրենց գործնական քայլերով ցոյց տալով, թէ նորեկները ինչպիսի՛ աշխատանքներու մէջ մտած զգալու էին: Նորեկին եւ նախորդին միջեւ աներեւոյթ պատուարները կամաց-կամաց կը փլուզուէին, սերունդներու տարբերութեան շղարշը կը չքանար եւ ԸՆԿԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, նոյն Գործին լծուած ըլլալու զգացում մը, քաղաքական հոգեբանութիւն մը կը զարգանար, անդամներս իրարու կապելով աննիւթական այնպիսի շղթաներով, որ (այն ատեն չէինք գիտեր թէ) ամուր ու անժանգ պիտի մնային մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին, այդ կապերը պիտի չքանդուէին մինչեւ իսկ եթէ պատահէր, որ օր մը, տեղ մը, այս կամ այն հարցին շուրջ տեսակէտներու տարբերութիւն մը նկատուէր, վէճեր յարուցուէին: Տիրապետող՝ միասնական գաղափարն ու ընկերականութիւնը շա՛տ աւելի ուժեղ էին՝ տոկալու նման մանր ցնցումներու, որովհետեւ այդ շղթաները կազմաւորուած ու կռանուած էին Դաշնակցութեան դպրոցին մէջ, այդ շղթային օղակները կը մնային եւ մնացին անքակտելի: «Զաւարեան»ը մեզի համար (նաեւ՝ յաջորդական սերունդներու) եղաւ իսկական դպրոց մը, գործակցական մթնոլորտի կողքին՝ մեզի պարգեւեց Գործի լծուելու ունակութիւնը:
Այդ օրերէն ունիմ յիշատակ մը:
Ցեղասպանութեան 50ամեակէն ետք, մեր նահատակներուն յիշատակումը դուրս եկած էր եկեղեցիներու եւ հանդիսասրահներու պատերու սահմաններէն. Պէյրութի տարածուն մարզաւանին մէջ բազմատասնեակ հազարաւորներու հաւաքը, 1965ին, եղաւ ցուցական առաջին մեծ պոռթկումը, որուն շուտով յաջորդեցին հրապարակային այլ ցոյցեր, համապատասխան արձագանգներ գտան Հայաստանի մէջ եւ այլուր: Երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը գտնուեցան յառաջապահի դիրքերուն վրայ, որովհետեւ օրուան ղեկավարութիւնները շատ լաւ ըմբռնած էին երիտասարդին եւ ուսանողին իւրայատուկ դերը: Եւ եղան Պիքֆայա-Անթիլիաս ծովածաւալ քայլերթը, թրքական դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյցերը, Պէյրութի փողոցներուն եւ հրապարակներուն վրայ քայլարշաւներն ու հանրահաւաքները, թրքական ձեռնարկներու խափանում…
Տարին էր 1974. «Զաւարեան»ը որոշած էր բողոքի եւ պահանջատիրութեան ցոյց մը կազմակերպել թրքական դեսպանատան առջեւ: Վայրը՝ վերոյիշեալ մարզաւանէն քիչ մը անդին, դէպի ծովեզերք տանող ճամբուն մօտ գտնուող դեսպանատան շէնքն էր: Լիբանանեան կառավարութիւնը տակաւին պաշտօնական ճանաչում չէր տուած Ցեղասպանութեան, ու թէեւ հայկական բողոքի ցոյցերը կը դիտուէին որոշ հանդուրժողութեամբ, սակայն դեսպանատան դիմաց նման ցոյց մը անպայման որ «արգելակում» պիտի գտնէր եւ ոստիկաններ պիտի փորձէին զսպել ցուցարարներս: Նախորդ տարիներուն, Ցեղասպանութիւնը յուշող պաստառներու քաղաքի պատերուն փակցնելու մեր արշաւները կազմակերպուած էին ուշ գիշերներուն եւ վերածուած էին ոստիկանութեան հետ մուկ-կատուի մրցումի: Ուրեմն, 1974ի ցոյցը յանդգնութեան նոր քայլ մըն էր:
Ճշդուած ժամուն, տարբեր շրջաններէ ուսանողներս եւ երիտասարդերու փաղանգներ ինքնաշարժներով հասանք թրքական դեսպանատան վայրը: Դեսպանատան շէնքին դիմաց կար աւազուտքի բաւական լայն տարածութիւն մը, ուր պէտք էր համախմբուէինք: Կազմակերպիչներուն շարքին էր ընկ. Խաժակը: Զինք ճանչցած էի ընդհանրապէս հանդարտաբարոյ իր վարմունքով, նոյնքան հանդարտ ու մեղմ խօսելաոճով (այդպէս ալ մնաց միշտ. նկարագիրի, խառնուածքի հարց է): Այդ օր, սակայն, մեր կողքին եւ իբրեւ ցոյցի առաջնորդ՝ կը տեսնէինք բոլորովին տարբեր Խաժակ մը. ան բարձրացած էր ինքնաշարժի մը յառաջամասին (շարժակի կափարիչին) վրայ եւ նշանախօսքեր արձակելով, կը դատապարտէր Թուրքիոյ ոճրագործ կառավարութիւնը, կարճ ու յանկերգաւոր նախադասութիւններով կը բարձրաձայնէր մեր պահանջները՝ մեր հողերը, մեր իրաւունքները, իսկ մենք հաւաքաբար կ՛արձագանգէին նոյն բառերով, նոյն նախադասութիւններով (այսօր, նման պատկերներ շատ սովորական են մեր ցոյցերուն ընթացքին): Նման ցոյց առաջնորդողը ընդհանրապէս հռետորական բացագանչութիւններով կ՛արտայայտուի, մինչդեռ Խաժակին բացագանչութիւնները համապատասխան էին իր նկարագիրին. հանդարտ, բառերը մէկ առ մէկ արտասանելով կ՛առաջնորդէ ցոյցը, սակայն եթէ մէկը նայէր իր ճակատը ծածկող երկար մազերուն մէջէն գծագրուած՝ սեւ-կամար յօնքերուն տակ բոցավառող աչքերուն, կը գիտնար, թէ դատ ու պահանջատիրութիւն կարելի է հրապարակել նաեւ աչքերով, բռունցքով եւ այլ շարժումներով…
Ոստիկանները քանի մը անգամ փորձեցին ընդհատել ցոյցը, աւազուտքի տարածքին տեղի ունեցաւ բացօդեայ մուկ-կատուի խաղ մը, մնացինք յաղթական։
***
Յետո՞յ…
Տարի մը ետք պայթեցաւ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ը: Կարճ ատեն ետք, Խաժակն ալ մեկնեցաւ Լիբանանէն, սակայն սիրտն ու հոգին մնացին Լիբանան: Հարազատներ ունէր հոն եւ երբեմն կը վերադառնար Պէյրութ, կարճատեւ այցելութիւններով: Ինքնակոչ պարտականութիւն մը ունէր՝ շաբաթը քանի մը անգամ այցելել «Ազդակ»ի խմբագրատունը (պատերազմի սկզբնական շրջանին միացած էի խմբագրական կազմին). երեկոները, «Արա Երեւանեան» ակումբի ճամբուն վրայ, հոն երթալէ առաջ կամ անկէ ելլելէ ետք, կ՛իջնէր տպարանի «նկուղը» (այդպէս կը կոչէինք խմբագրատան մէկ բաժինը, որ կը գործէր տպարանին կողքին՝ փողոցէն մօտաւորապէս 20-22 աստիճան ցած գետնայարկին մէջ, ուրեմն… նկուղ): Նոյն հանդարտ ու թաւշային ձայնով պէտք էր զրուցէր «օրուան հարցերուն» մասին, պահ մը քննարկէինք հայկական, լիբանանեան եւ աշխարհի հարցերը, ընդհանրապէս դաժան զարգացումները: «Զաւարեանական»ի շղթան նոր օղակներ կ՛աւելցնէր իր երկայնքին (արձանագրեմ, որ «զաւարեանական» այլ ընկերներ ալ նոյնը կ՛ընէին յաճախ, մանաւանդ անոնք, որոնք պատերազմին հարկադրանքով մեկնած էին այլ երկիրներ, եւ Պէյրութ իրենց վերադարձ-այցելութիւններուն, զիրար կը փնտռէին նա՛եւ «Ազդակ»ի խմբագրատան յարկին տակ):
***
Ու եղաւ, որ տարիներ ետք հաստատուիմ Լոս Անճելըս: «Զաւարեանական»ի օրերէն ծայր առած շղթան նոր օղակներ ունեցաւ Խաժակին (եւ այլոց) հետ:
Խաժակի կեանքի շղթան այլապէս հարստացաւ բազում օղակներով, որոնք խորքին մէջ զարգացումն ու ճիւղաւորումն էին այն երթին, որ հաստատ քայլերով սկսած էր «Զաւարեան»ի յարկին տակ: Գործեց հայութեան կեանքի գրեթէ բոլոր դաշտերուն մէջ, մի՛շտ մնալով հանդարտաբարոյ, հանդարտ արտայայտչաձեւով, մինչեւ իսկ եթէ տեղ մը պէտք էր… զայրոյթ արտայայտէր: Իր համոզումներուն եւ սկզբունքներուն՝ մնաց անշեղօրէն հաւատարիմ, իր տեսած-հասկցած սեւին ըսաւ սեւ, ճերմակին՝ ճերմակ. ըլլալով գործող մարդ, բնականաբար տարակարծութիւններ ունեցաւ գործի դաշտերու մէջ եղողներու հետ, սակայն նախընտրեց պահպանել համոզողի եւ տեսակէտ պահպանող-պաշտպանողի իր ուղիին մէջ, տեղ մը պարտադրել, ուրիշ տեղ ըլլալ աւելի մեղմ:
Եւ հիմա, երբ ան ալ բաժնուած է մարմնապէս, իր աղուոր յիշատակներով եւ հաւատաւոր դաշնակցականի պատկերով մեզի հետ պիտի մնայ կենդանի, ճի՛շդ այն տրամաբանութեամբ, որ խօսեցուցած է Պետրոս Դուրեանը. «…Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ»:
4 Մայիս 2021