ԶՕՐԱՎԱՐ ՍՄԲԱՏ (ՄԱԽԼՈՒՏՕ)
Անկախութիւն. բառ մըն էր սա, որ դեռ քսան տարի առաջ մեր սիրելիները վախով ու երկիւղածութեամբ կ՛արտասանէին, կարծես թէ արգիլուած պտուղն ըլլար ատ իրենց համար կամ կրակ մը, որ իրենց շրթները այրեր:
Տասը տարի առաջ, 1918ին այդ բառը մարմին առաւ, իրականութիւն դարձաւ մեզ համար: Ու մենք՝ դարերով զրկուածներ, խենթի պէս գրկեցինք զայն, սեղմեցի՜նք, սեղմեցինք զայն մեր կուրծքին, մինչեւ որ կիսամահ ըրինք:
Ինչքան փշոտ եւ արիւնոտ է լաւ այն ճամփան, ուրկէ անցանք մեր անկախութեան հասնելու համար: Անոնք, որ հեռուէն լսեցին միայն մեր ազատամարտի արիւնոտ պատմութիւնը, շուտով թիկունք դարձուցին պայքարին. անոնց համար անկախութիւնը բառ մըն է, այո, գեղեցիկ բառ մը, որուն անունով կրնան գովք ասել կամ բաժակներ պարպել, առանց, սակայն, կարենալ թափանցելու անոր արիւնոտ գեղեցկութեան եւ արժէքին:
Մեր անկախութի՜ւնը. անիկա մեզ եկաւ հեռուէն, կամ աւելի ճիշդ բռնօրէն բերուեցաւ մեր բիւրաւոր նահատակներու արիւնով, մեր դիւցազնաց սուիններուն ծայրով կամ հրացաններու որոտով:
Մեր անկախութի՜ւնը. անոր ամէն մէկ քայլը հազարաւոր զոհերու արիւնով սրբացաւ, աւերակներու վրայէն անցաւ: Կա՞յ ազգ մը , որ մեզի չափ ու մեզի պէս զոհաբերած ըլլայ իր ազատութեան: Եւ այդ ազատութիւնը որքան անգութ, որքան ժլատ գտնուեցաւ մեզ հանդէպ: Ինչ որ բուռերով ցրուեց ուրիշներուն, մեզի տուաւ հատիկ, հատիկ, ժլատօրէն, չկամութեամբ:
Բայց օրհնեալ ըլլաք դուք, ո՜վ Հայկածին դիւցազներ, ո՜վ զէնքի ու տառապանքի ընկերներ, որ Աւարայրի քաջերուն նման ձեր մահով մահը մեռցուցիք եւ անկախութիւնը բերիք ձեր տառապած ազգին:
Դո՛ւք, ով նահատակ ընկերներ, որ կեցցէներով ճամփու դրուեցաք, հիմա, ո՛վ գիտէ, ո՛ր անծանօթ հողի տակ կը հանգչիք մոռցուած: Ամէն ազգ իր «Անծանօթ նահատակ զինուորին» յիշատակը անմահացուց, բայց ձեր յիշատակը մոռացութեան տրուեցաւ: Մայր մը չի գար ձեր անունով աղօթք մը մրմնջալու ձեր գերեզմանին վրայ, կոյս մը չի գար իր արցունքով ցօղուած պսակ մը դնելու ձեր շիրիմին վրայ: Ինչպէ՜ս ապերախտ գտնուեցանք ձեզի հանդէպ, ո՜վ նահատակ զէնքի ընկերներս:
Բայց անոնք, որ ձեզի հետ կռուեցան կողք-կողքի, անոնք որ դեռ կ՛ապրին, բայց նոյնպէս մոռցուած ու արհամարհուած, անոնք չեն մոռնար ձեզ: Անոնց սիրտերը թէ՛ աղօթք եւ թէ արցունք ունին ձեզ համար:
Կու գայ օր մը, որ արդարութիւնը իր ձայնը լսելի կ՛ընէ: Այն ատեն ձեր յիշատակը դուրս կու գայ մոռացութեան խաւարէն ու դուք ալ կ՛ունենաք ձեր արժանի յուշարձանը անկախ ու երախտագէտ հայրենեաց գիրկը:
Համբոյր ձեր արի բազուկներուն, համբոյր ձեր սուրբ շիրիմներուն: Օրհնեա՜լ ըլլայ ձեր յիշատակը:
«Ասպարէզ» շաբաթաթերթ
Ֆրեզնօ
Մայիս 31, 1929, էջ 1