«Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը եւ անձնակազմը կը գուժեն բարերար եւ թերթին երկար տարիներու հովանաւոր Հենրի Հենք Խաչատուրեանի մահը, որ պատահեցաւ 11 Մայիսին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:
Վանեցի ծնողներու զաւակ Խաչատուրեան ծնած է Ռոսթով, Ռուսիա, 1931ին եւ ժամանակ մը Թեհրան ապրելէ ետք, Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է, ինքնաշարժի առուածախի մարզին մէջ յաջողակ գործարար մը դառնալով։
1998ին, տէր եւ տիկին Հենք եւ Ռիթա Խաչատուրեանները իրենց վաղամեռիկ զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի յիշատակին նուիրուած կոլֆի տարեկան մրցաշարքի մը հիմը դրին: Մրցաշարքին հասոյթը կը տրամադրուի շարք մը բարեսիրական նպատակներու:
Խաչատուրեան նեցուկ կանգանած է նաեւ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ասպարէզ»ին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ու գլխաւոր բարերարն էր Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ կեդրոնին։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ ան արժանացած էր կաթողիկոսութեան «Կիլիկիան Իշխան» շքանշանին։