ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նայիրա Զոհրապեան հրաժարեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) ընդհանուր քարտուղարի պարտականութիւններէն եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցի ԲՀԿի համամասնական ցանկով:
Այս մասին Զոհրապեան գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ. ան դիտել կու տայ, որ կա՛մ պիտի կանգնի իշխանութեան դէմ պայքարի յառաջնագիծին վրայ եւ հիմա շատ աւելի վճռական եւ ազատ պիտի ըլլայ իր գործողութիւններուն մէջ, կա՛մ պիտի աշխատի հանրային-քաղաքական կեանքին մէջ:
«Այսօր արդէն շրջանառւում է մի վտանգաւոր փաստաթուղթ, որը, ցաւօք, նոր Նոյեմբերի 9 է լինելու: Այս աղէտը կասեցնել է պէտք: Ես ունեմ մի քանի առաջարկներ, որոնք քննարկելու եմ իմ ընկերների եւ մերձաւորների հետ՝ վերջնական որոշումս կայացնելուց առաջ» յայտնեց ան։