ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին 12-13 Մայիսին կատարուած սադրանքներէն ետք, ստեղծուած իրադրութիւնը 18 Մայիսի երեկոյեան դրութեամբ՝ փոփոխութիւն չէ ունեցած: Իրադրութիւնը, համեմատաբար, հանգիստ է: Թէ՛ Սիւնիքի եւ թէ Գեղարքունիքի մարզերու ամբողջ բնագիծերով իրադրութիւնը բոլորովին կը գտնուի հայկական զինուած ուժերու հսկողութեան տակ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ յայտնեց, որ նախարարութիւնը կարեւոր կը նկատէ հարցին խաղաղ լուծումը եւ բարձր կը գնահատէ այդ ուղղութեամբ տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ ներդրուած ջանքերը՝ նկատի ունենալով անոնց կատարած խաղաղ հանգուցալուծման կոչերուն հետ: Այս առումով, 14 Մայիսին մեկնարկած բանակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են եւ կը նախատեսուի, որ անոնք շարունակուին։
Ըստ աղբիւրին` այդուհանդերձ, ողջամիտ ժամկէտներու մէջ խաղաղ լուծման բացակայութեան պարագային, այսինքն՝ եթէ ատրպէյճանցի զինուորականները առանց նախապայմաններու իրենց ելման դիրքերը չվերադառնան, Հայաստանի զինուած ուժերուն իրաւունք կը վերապահուի հարցը լուծել այլ, որոնց կարգին նաեւ՝ ուժի տարբերակով:
«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն մէկ անգամ եւս յայտարարում է, որ ցանկացած ոտնձգութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքների հանդէպ բացարձակ անընդունելի է, եւ ադրբեջանցի զինուորականները պարտաւոր են լքել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը», կ՛եզրափակէ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը: