ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիթ պատասխանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի` Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու շուտափոյթ վերադարձին վերաբերող նամակին:
Ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ ուշադրութեամբ ուսումնասիրած է նախագահ Սարգսեանի նշած հարցերը եւ զանոնք ներկայացուցած է ԵԱՀԿի համապատասխան կառոյցներուն:
«Ես կը շարունակեմ հետեւիլ իրավիճակին եւ այս ու յարակից հարցերուն վերաբերեալ կապի մէջ եմ Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ: Տեղեակ եմ, որ այս հարցերը քննարկած էք նաեւ գործող նախագահ Անն Լինտէի հետ, Մարտին Երեւան կատարած անոր այցելութեան ընթացքին: Մինսքի խումբի համանախագահները 13 Ապրիլ 2021ին հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնան նաեւ ձեր նամակին մէջ նշուած հարցերուն: Համանախագահները ընդգծեցին, որ յաւելեալ ջանքերու կարիք կայ՝ տակաւին գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւնները փարատելու եւ երկարատեւ խաղաղութեան նպաստող փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու համար: Այդ պարունակին մէջ համանախագահները մատնանշեցին բոլոր ռազմագերիներու եւ բանտարկուած այլ անձերու վերադարձին վերաբերող հարցերը` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթներուն համաձայն: Անոնք, ինչպէս եւ ես ու ԵԱՀԿի միւս պաշտօնեաները, պիտի շարունակեն հետեւիլ եւ բարձրացնել այս հարցը: ԵԱՀԿի հաստատութիւնները եւ կառոյցները ԵԱՀԿի բոլոր երեք հարթութիւններուն վրայ ծրագրուած աշխատանքներու միջոցով արդէն իսկ սերտօրէն կը համագործակցին Հայաստանի հետ: Յոյս ունիմ՝ իբրեւ ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար, իմ պաշտօնավարութեան ընթացքին զարգացնել եւ առաւել ընդլայնել այս համագործակցութիւնը», կը նշուի Հելկա Մարիա Շմիթի նամակին մէջ։