ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԵՒՍ՝ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը որոշեց Կազայի մէջ շարունակել զինուորական գործողութիւնը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները իրենց կարգին հաղորդեցին, որ ժողովը չքննարկեց Կազայի հետ զինադադարի հարցը, եւ իսրայէլացի կարգ մը պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ երկարատեւ զինադադարը ներկայիս իսրայէլեան կառավարութեան օրակարգին վրայ չէ:
Նշենք, որ շաբաթավերջին եւ Երկուշաբթի օր իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին ծանրօրէն ռմբակոծել շրջափակուած Կազան, ուր սպաննուածներուն թիւը 200ի սահմանը անցաւ։ Զոհերուն մօտաւորապէս կէսը կիներ եւ մանուկներ են։ Սպաննուեցան նաեւ 10 իսրայէլացիներ։
Իսրայէլ շանաթավերջին նաեւ գետնին հաւասարեցուց 11 յարկանի շէմնք մը, ուր կը գտնուէին ամերիկեան «Էյ.Փի.» եւ քաթարեան «Ճազիրա» լրատուամիջոցներու կեդրոնները։
Երկու լրատուամիջոցներն ալ խստօրէն դատապարտեցին ոճրային արարքը, մինչ «Առանց սահմանի լրագրողներ« կազմակերպութիւնը կոչ ըրաւ Միջազգային քրէական ատեանին, որ իբրեւ պատերազմական ոճիր հետապնդէ յարձակումը։
Մինչ այդ, պաղեստինեան տարբեր խմբաւորումներ շարունակեցին իսրայէլեան բնակեցման վայրերը հրթիռներով եւ ռումբերով հարուածել:
«Համաս» շարժումի զինեալ թեւը՝ «Քասսամի ջոկատներ»ը, ռմբակոծեց հարաւային Իսրայէլի մէջ գտնուող հաղորդակցութիւններու լրտեսման իսրայէլեան ռազմակայան մը: Անոնք նաեւ հրթիռակոծեցին Նեթիոթ բնակեցման վայրը, ինչպէս նաեւ Հացսուր եւ Ցալիմ ռազմակայանները:
«Սարայա Քուտս» զինեալ խմբաւորումը իր կարգին հարուածեց Աւսոլոմ, Նիրիմ, Քոսոֆիմ բնակեցման վայրերը, ինչպէս Նահալ Ալղոզ դիրքը: Զինեալ խմբաւորումը հարուածեց Ամիթայ ռազմակայանը եւ Քոսոֆիմ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող Կոլանի մասնայատուկ ուժերու զօրակայանը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ հրթիռակոծուած են Նեթիֆոթ շրջանը, Աշտոտը եւ Աշքելոնը:
Միւս կողմէ, շարունակուեցան իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով Կազայի մէջ Ուիհտա թաղամասի շէնքերու փլատակներուն տակէն դիակներու եւ վերապրողներու դուրս բերման աշխատանքները: Ըստ Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութեան՝ միայն Կիրակի օր արձանագրուեցան աւելի քան 42 զոհեր եւ շուրջ 50 վիրաւորներ:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ հարուածեց Ռաֆահի մէջ եգիպտական սահմանին վրայ պաղեստինեան սահմանային անցքերու մարմինի մէկ կեդրոնը: