Արիացի՛ր, սի՛րտ իմ, ե՛լ հաւատով տոկուն,
Կանգնի՛ր հպարտ որպէս լոյս լեռն է մեր կանգուն:
Վահան Տէրեան
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայաստանի բազմաշերտ բարդացումներով մտահոգուած սփիւռքահայը դատապարտուած է յուսալքման, իմանալով եւ հետեւելով երկրի եւ սահմաններու խառնակ վիճակին, տնտեսութեան եւ ընկերային կեանքին: Երկրին մէջ կը տիրեն իշխանատենչութիւն եւ անբովանդակ փառասիրութիւն: Վերջինը երբեմն կը կոչեն ռէալ-փոլիթիք:
Գրականութեան բանաստեղծ ուսուցիչ մը գէշ գրուած շարադրութեան մը համար կ՛ըսէր, որ կը նմանէր «թելերը փախած գուլպայի»: Այս մասին կը մտածեմ երբ կը կարդամ Սփիւռքի թերթերու ըսածը Հայաստանի մասին, համացանցով հասանելի Հայաստանի թերթերու գրածները, կամ նոյն ձեւով հասանելի Հայաստանի բազմաթիւ հեռատեսիլի կայանները: Խռնուած լուրեր` որոնք իրենց տարբերութիւններով եւ հակադրութիւններով շփոթի կը մատնեն:
Պարտութեան, պառակտուածութեան, անզօրութեան, անկառավարելիութեան, մերժումներու, կողոպուտի, ոճիրներու, անվերջանալի դատերու, ամբաստանութիւններու, անձնասպանութիւններու, թշուառութեան մասին նոյն եւ տարբեր ձեւերով կրկնուող լուրեր: Բոլոր զգացական հայերու պէս, կը փորձեմ հոգեկան բաւարարութիւն տուող լուր մը գտնել, կարենալ հաւատալու համար, որ մեր երկիրը լաւ պիտի ըլլայ:
Կը խօսին քաղաքական դէմքերը, կրօնականները, լրագրողները, կուսակցականները, դերասանները, դասախօսները, խօսափողին առջեւ յանկարծ գտնուած քաղաքացիները, ընկերային ցանցերը, Ֆէյսպուքը եւ Թուիթըրը: Կը լսուին անյուսութիւն պատճառող լուրեր, արտայայտութիւններ եւ դատումներ: Եթէ փոքրիկ երկրի մը մէջ այսքա՜ն մեծ թիւով մարդիկ կը խօսին, եւ այսքան շատ կը խօսին, հարց կը ծագի, թէ ո՞վ կ՛աշխատի: Եթէ այդքան վատ խօսքերուն կէսը ճիշդ է, ինչպէ՞ս կը տեւէ այդ երկիրը:
Եթէ առատ խօսքը կարելի ըլլար արտահանել, Հայաստանի համար այդ կ՛ըլլար եկամուտի աղբիւր…
Եթէ այնքան բազմաթիւ բողոքներ, ամբաստանութիւններ եւ ոճիրներ, օրէնքի խախտումներ կան, եթէ գործուած են ծանրակշիռ սխալներ, ինչո՞ւ իրենց մասին այնքան խօսիլ տուող դատարանները անհրաժեշտը չեն ըներ: Մամուլը լուր կու տայ, դատարանը չի փոխարիներ, բայց կարծէք դատերը եւ հաշուեյարդարները կը կատարուին մամուլով:
Այս թոհուբոհին մէջ երկիր կը կառավարուի՞:
Ակամայ կը խորհինք, որ երկիրը անկարող դարձած է իր անվտանգութիւնը ապահովելու, ինքզինք կառավարելու: Այսինքն քաղաքացիական գիտակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կորսուած են:
44օրեայ պատերազմը վերջացած է, քանի որ կը թուի, թէ պարտութիւն եւ անոր բոլոր հետեւանքները ընդունած ենք, անոնց հետ հաշտուած ենք, իշխանութիւնը պարտութիւն եւ անձնատուութիւն մարսած եւ ինքզինք փայլեցուցած է, անվրդով կը շարունակէ իր ուղին: Երկրի երեւելիները, քաղաքագէտները, մէկ խօսքով՝ ընտրանին, ինչպէս Հայաստան կ՛ըսեն՝ էլիտան, ընտրապայքարի մէջ է, փրկութեան խոստումներով, գեղեցիկ եւ բարձր խօսքերով:
Այս մասին դիպուկ խօսք ըսած է հասարակական-քաղաքական գործիչ Սամուէլ Ֆարմանեան. «Ես հարց ունեմ ինքս ինձ: Հարց ունեմ քաղաքական գործիչներին: Հարց ունեմ ինքն իրեն էլիտա հռչակած խմբերին ու անհատներին: Բա դուք ու՞մ էլիտան էք, եթէ ձեր պետութիւնը ձեռքից գնում է, Արցախը փաստացի չկայ, 5000 տղայ մեր աչքի առաջ մատաղ են արուել՝ «յանուն ոչնչի», Հայաստանը օր օրի մաշուում է, փաստացի մենք արդէն մեր պետականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու խնդիր ունենք, մեր արժանապատուութիւնը տրորուում է ամէն օր, իսկ դուք շարունակում էք վիճել՝ կանաչն է գեղեցիկ գոյն, թէ կապոյտը՝ իրավիճակի մեղքը բարդելով «ժողովրդի» վրայ»:
Կարծէք մեր սահմանները ազատ գօտի ըլլային եւ թշնամի զինուորները անարգել ելք ու մուտք կ՛ընեն:
Այս պայմաններուն մէջ, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պէտք է ըսել ժողովուրդին, որ կայանալիք ընտրութեան ազգային հիմնական արժէքներու գիտակցութեամբ իր քուէաթերթիկը ընտրէ եւ նետէ քուէատուփին մէջ: Ինչպէ՞ս այդ ժողովուրդը պիտի հասկնայ, որ այս քուէարկութիւնը անցեալի սխալներուն դէմ ըլլալէ աւելի, հայրենիքի ապագային կը վերաբերի. անվտանգութեան, ամբողջականութեան, անկախութեան եւ տարածքի վերահսկողութեան անբռնաբարելի իրաւունքի:
Այս ընտրութեան համար քուէատուփ նետուած իւրաքանչիւր թերթիկ պիտի կրէ վաղուան պատասխանատուութիւնը, պիտի ճշդէ գալիք սերունդներու ապագան: Ընտրապայքարի ընթացքին ըսուածները բաւարար չեն ճիշդ կողմնորոշուելու համար: Ընտրողը պէտք է գիտնայ, թէ ո՞վ եւ որոնք պիտի իրականացնեն առաջադրանքները, ծրագիրները եւ խոստումները, ի՞նչ պատրաստութեամբ: Այսինքն, խօսքի կողքին պէտք է ընտրել մարդիկը, կազմակերպութիւնները, նկատի ունենալ անոնց կենսագրութիւնը եւ անցած ուղին, փորձը:
Այս կենսագրութեան եւ անցած ուղիի պարզաբանումը պիտի ընէ անկախ եւ հետախուզող մամուլը, ոչ իշխանամէտ եւ ոչ կողմնապաշտ մամուլը: Այդ ինչպէ՞ս կարելի կ՛ըլլայ: Կրկնութեան գնով պէտք է ըսել, որ այդ պիտի ընէ ճշմարիտ, հարազատ եւ իրաւ մտաւորականութիւնը, ո՛չ վճարուած թութակ լոպիիստները, որոնք այլ երկիրներու մէջ յաջողած կերպեր Հայաստան կը փոխադրեն եւ կրնան օգտագործուիլ մէկուն եւ միւսին կողմէ:
Իրաւ բանաստեղծները ազգի ճամբան լուսաւորած են միշտ: Հիմա՛, յաղթահարելով մեզ ընկճող դառնութիւնները, քէները եւ զգացումները, գիտակցելով եւ ըմբռնումով կրկնենք Վահան Տէրեանի հետ.
«Արիացի՛ր, սի՛րտ իմ, ե՛լ հաւատով տոկուն,
Կանգնի՛ր հպարտ որպէս լոյս լեռն է մեր կանգուն»:
Արիանա՛լ, յաղթե՛լ եսերը՝ ճիշդ մտածելով:
Այս ընել նայելով հեռուն` որպէս խոստում եւ ուխտ՝ Եռաբլուրի ծաղկած շիրիմներու մարած գարուն կեանքերուն համար, որպէսզի անոնք ապրին:
Եւ շարունակութիւնը երաշխաւորուի:
16 Մայիս 2021
Վիլլէր-սիւր-մէր