ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Կեդրոնական կոմիտէն 2ի դէմ 119 քուէներով վաւերացուց բանաձեւ մը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահէն եւ Քոնկրեսէն կը պահանջէ անմիջապէս գործադրել Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնը կասեցնող Ազատութեան ջատագովման որոշումի թիւ 907 յաւելուածը։
Բանաձեւը, որ ներկայացուած էր Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Սիւզի Ապաճեանի եւ Էլեն Ասատրեանի կողմէ, նաեւ կոչ կ՛ընէ Պայտընի վարչակազմին եւ յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան, որ գործնականապէս մասնակցին Պաքուի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող բոլոր հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերուն։