ԵՐՈՒՍՂԷՄ, «Պի.Պի.Սի.».- Առնուազն 500 պաղեստինցիներ վիրաւորուեցան Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ապահովական ուժերուն միջեւ վերջին քանի մը օրերուն տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով:
Ուրբաթ օր, շուրջ 205 անձեր վիրաւորուեցան, երբ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը Աքսայի մզկիթին մէջ երեկոյեան աղօթքէն ետք բախում ունեցաւ պաղեստինցիներու հետ:
Լարուածութիւնը աւելիով սրեցաւ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ Շէյխ Ճարրահ թաղամասէն պաղեստինցի ընտանիքները վտարելու հաւանականութեան պատճառով:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ Աքսայի մզկիթ ներխուժումը եւ Իսրայէլին կոչ ուղղեց՝ տէր կանգնելու պաղեստինցի քաղաքացիներուն եւ անոնց՝ կրօնական արարողութիւնները ազատօրէն կատարելու իրաւունքին:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարեց, թէ՝ «սրբավայր ներխուժելը եւ խաղաղ հաւատացեալներու վրայ յարձակիլը մեծ ոտնահարում մըն է, բարբարոսական արարք մը եւ բուռն կերպով դատապարտելի է ու մերժելի»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, երէկ, անդրադառնալով Շէյխ Ճարրահի մէջ պաղեստինցիներու տուները քանդելու վերաբերեալ միջազգային դատապարտման ալիքին՝ իսրայէլեան կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարեց. «Իսրայէլ կտրուկ կերպով կը մերժէ Երուսաղէմի մէջ նոր բնակարաններ կառուցելու իր իրաւունքը արգիլելու ձգտող ճնշումները»: