Ռուպինա Կէօվճէլեան
Կ’անձրեւէ, կ’անձրեւէ անդադար
երբեմնի շէն գիւղին վրայ անպաշտպան
լեռներուն վերեւ անտէր անտիրական
դաշտերուն անմշակ ու խոպան
ուր ալ չկայ ոչ հոռովել ոչ գութան
Արեւը մռայլոտ ու տժգոյն
երկինքին մէջ մշուշապատ ու անգոյն
կ’արձակէ ճառագայթներ նուաղուն
պահուըտած ամպերուն ներքեւ թագուն
Լռութիւն է համատարած
ոչ մէկ ծպտուն, ոչ մէկ քրքիջ մանկական
ծառերը լերկ, տերեւաթափ
քամին ալ խօլ արշաւէն սպառած
կը փնտռէ ճիւղ մը միայնակ
որ շպրտէ ցիր ու ցան
Հեռուներէն կը ղօղանջէ
զանգակատունը եկեղեցւոյ հնամեայ
որուն հովիւը ալեհեր կը մերժէ լքել վանքը հազարամեայ
Ծեր ու քոսոտ շուն մը ապիկար
նստած դատարկ տան մը առջեւ վշտահար
կ’երազէ ի զուր խորովածի պատառ մը համադամ
որուն արժանի էր իբրեւ ընտանիքի մէկ անդամ
Ամայութիւն է համատարած
մահասփիւռ լայնատարած
չկայ կեանքի ոչ մի նշոյլ
ոչ տաք թոնիր ոչ ճրագ
ոչ երբեմնի ուրուականներ անհետ հեռացած
Կ’անձրեւէ, կ’անձրեւէ անդադար
անգիտակից ահարկու ողբերգութեան
մահ ու սուգ սփռող թշնամու ձեռքով դաւաճան