ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաօ յառաջ կը մղէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի նորագոյն ջանքը՝ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները անմիջապէս կասեցնելու նպատակով։
Քոնկրեսականներուն յղած իր նամակին մէջ, Վալատաօ կը դատապարտէ անցեալ տարի Արցախի եւ Հայասատանի վրայ կատարուած Ատրպէյճանի յարձակումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմաններուն շարունակուող խախտումները եւ հայ գերիները չվերադարձենլու Պաքուի անընդունելի կեցուածքը՝ շեշտելով, որ Սպիտակ տունը պէտք չէ շրջանցէ Պաքուին ռազմական աջակցութիւնը կասեցող Ազատութեան ջատագովման որոշումի թիւ 907 յաւելուածը։
Ձեր քոնկրեսականները քաջալերելու համար, որ այս նպատաով Վալատաոյի նամակին աջակցին՝ կարելի է այցելել anca.org/stop կայքէջը։
Վալատաոյի նամակը կարդալու համար այցելել http://asbarez.com/202440 կայքէջը։
Միւս կողմէ, քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Ֆրենք Փալոն դատապարտեցին Հայաստան ներխուժելու Ատրպէյճանի քայլերը՝ շեշտելով, որ նման քայլեր միջազգային օրէնքներու բացայայտ խախտումներ են։
Անոնք պահանջեցին Սպիտակ տունէն, որ անյապաղ դատապարտէ Պաքուի քայլերը եւ պահանջէ ատրպէյճանական ուժերու նահանջը։