ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 7 Մայիսին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Հայաստանէն վերադարձին այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Յայտնենք, որ յանուն Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին՝ նախարարի պաշտօնակատարը մեկնած էր Հայաստան՝ մասնակցելու Ապրիլ 24ի առիթով տեղի ունենալիք հրապարակային ձեռնարկներուն։ Իր այցելութեան ընթացքին, ան տեսակցութիւններ ունեցած էր Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներու հետ:
Օհանեան-Գէորգեան կաթողիկոսին զեկուցեց այս իմաստով եւ հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ եւ իր գնահատանքը յայտնեց անոր կատարած յաջող առաքելութեան: