Մուսա Լերան հայերուն ինքնապաշտպանութեան, ֆրանսական նաւատորմի ծովայիններուն կողմէ զանոնք փրկելու եւ հայ-ֆրանսական ընդհանուր յիշողութեան կարեւոր դրուագներ եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուած են ֆրանսական նաւատորմի սպայ, թարգմանիչ Շարլ-Տիրան Թէքէեանի յուշագրութեան հիման վրայ հրատարակուած «Քառամեայ Պատերազմը Արեւելքի մէջ, Ֆրանսական-Հայկական Գործընկերութիւնը Պատերազմի Ընթացքին» երկլեզու՝ հայերէն-ֆրանսերէն գիրքին մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած վերոնշեալ հրատարակութեան շնորհահանդէսին ընթացքին, հիմնարկին տնօրէնը՝ Յարութիւն Մարութեան, բարձր գնահատելով Թէքէեանի յուշագրութեան վերահրատարակութեան մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները՝ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքին ֆրանսերէն եւ հայերէն տարբերակները հրատարակողներուն եւ աջակցողներուն:
«Գիրքին մէջ ականատեսի աչքերով կը ներկայացուին Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութեան եւ ֆրանսացի ծովայիններու օգնութեամբ փրկուած հայերուն մասին ուշագրաւ մանրամասնութիւններ», ըսաւ Մարութեան` աւելցնելով, որ գիրքը հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ գիտական հանրութեան համար:
Յուշագրութեան հրատարակման աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը:
Կարեւոր համարելով Ֆրանսայի ծովուժի հայազգի սպային յուշագրութիւնը՝ շնորհահանդէսին մասնակցող Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ գիրքը արժեւորեց հայ-ֆրանսական խոր արմատներ ունեցող յարաբերութիւններուն յիշողութիւնը ամրապնդելու եւ միասին առաջ ընթանալու տեսանկիւնէն:
Հայ-ֆրանսական ընդհանուր յիշողութեան կարեւոր դրուագ մը պատմող այս գիրքը լոյս տեսած է նաեւ մուսալեռցիներու ժառանգներ Զոհրապ Թազեանի եւ Յակոբ Ճամպազեանի աջակցութեամբ:
Թէքէեան, որ յատուկ դեր խաղացած է նշեալ փրկութեան գործողութեան մէջ, առաջին անգամ 1919ին հրապարած էր իր յուշերը: