«Յուսաբեր»ը կը գրէ, թէ նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի (Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Միութիւն) ծառատունկ կատարուեցաւ միութեան Բիւրականի բանակավայրին մէջ։
Արցախեան վերջին գոյամարտին նահատակուած ՀՄԸՄականներու յիշատակը պանծացնելու համար եղած արարողութեան ներկայ եղան նաեւ նահատակներու հարազատները եւ գաղափարի ընկերները։
Նշենք, որ ՀՄԸՄի նահատակներու շարքին է մեզմէ շատերուն ծանօթ անուն մը հանդիսացող նահատակ Գէորգ Հաճեան։
Այս առթիւ, հերոս Հաճեանի որդին՝ Թաթուլ Հաճեան, կարճ գրառում մը կատարած է, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Ծիրանի ծառ երգելով, հայու կերպարը մարմնացնելով անմահացար հայրս…
Ծիրանի ծառ գովերգելով դարձար այնպիսի մի ծառ, որ, նոյնիսկ հողին ընդմէջէն պիտի տաս ծիլեր, ծաղկունք եւ սերունդներ պիտի դաստիարակուին ու հետեւին օրինակիդ հայրս…
«Ծիրանի ծառ երգելով անմահացար, իսկ այսօր քու անմահութեանդ յիշատակին տնկի մը դրուեցաւ Հայրենի Սուրբ Հողին մէջ, այնպիսի մի ծառ, որ մշտադալար է՝ քու տեսակիդ արժանի Հայրս…
«Ծիրանի ծառ երգելով քու ծառաստանդ կերտեցիր Հայրս…
«Ծիրանի ծառ երգելով դարձար Հայրենի Կենաց Ծառ Հայրս…
«Յ.Գ.
«Շնորհակալութիւն ՀՄԸՄին, մեր ՀՄԸՄական Արցախեան 12 նահատակներու յիշատակը անմահացնելու համար կազմակերպուած ծառատունկին։ Ծառատունկը տեղի ունեցաւ Բիւրականի մէջ ՀՄԸՄի բանակավայրին մէջ, ուր ՀՅԴ կամաւորական խումբերը նախապատրաստուեցան, ապա մեկնեցան ռազմաճակատ»։