ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան 28 Ապրիլին այցելեցին Հայաստանի Սիւնիքի մարզը:
Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, Սիսիանի ՀՅԴ «Գրիգոր Գրիգորեան» եւ Կապանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութիւններու գրասենեակներուն մէջ տեղի ունեցան հանդիպումներ Դաշնակցութեան Սիսիանի, Գորիսի եւ Կապանի տարածքային կառոյցներու անդամներուն հետ:
Քննարկուեցան մարզին մէջ ստեղծուած յետ-պատերազմեան իրավիճակը, ապահովութեան եւ ընկերային-տնտեսական հարցերը ու բնակչութիւնը յուզող այլ հարցեր: