Երեքշաբթի, 27 Ապրիլին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկապարտէզ-մանկամսուրը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, գլխաւորութեամբ մանկամսուրի վարիչ Արսինէ Աղազարեանի, որուն կ՛ընկերակցէին Ուսումնական մարմինի ատենապետ Արթին Շահվերտեան, անդամներ եւ մանկամսուրի վարիչ օգնական Լորէթ Աւաննէսեան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ուսումնական մարմինի նախկին ատենապետ, ներկայիս Ազգային վարչութեան անդամ Գեւիկ Պաղտասարեան:
Հանդիպման ընթացքին, մանկամսուրի ներկայացուցիչները առաջնորդ սրբազան հօր փոխանցեցին իրենց ներկայ գործունէութեան, մանկամսուրի ներքին կեանքի եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ, ապա իրենց ծրագիրներու յաջողութեան համար խնդրեցին առաջնորդին զօրակցութիւնը:
Մտերմիկ զրոյցի աւարտին, սրբազանը բարձր գնահատեց Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, պաշտօնէութիւնը եւ պատասխանատուները ու իր աջակցութիւնը յայտնեց հետագայ ծրագիրներուն՝ միաժամանակ դրուատելով նուիրական այն աշխատանքը, որ այս հաստատութիւնը գրեթէ կէս դարէ ի վեր կը տանի՝ յանուն հայ մատղաշ նոր սերունդներու առողջ եւ ապահով կեցութեան ու հայեցի դաստիարակութեան: