ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Գուժկան հեռաձայն մը Փարիզէն: Որուն մղկտող ցաւին ու սարսափելի էութեան քիչ յետոյ պիտի տեղեակ դառնայի… Հեռաձայնի միւս ծայրէն Ալեքսանդր Թօփչեան իր եղբօր՝ Ստեփանին, մահուան այդ պահուն, ինծի անհաւատալի թուացող գոյժը կը յայտնէր ինքնազուսպ շեշտով մը:
Ու այդ օրերուն, դժբախտաբար, մեր սիրելի գրչեղբօր՝ Ստեփանին մահուան սարսափելի գոյժը միակը պիտի չըլլար մեզ զգետնողն ու գրողի մեր էութիւնը ցնցողը: Ամսուան մը ընթացքին, գուցէ քիչ մը աւելի երկար ժամանակահատուածի երկայնքին, հանրածանօթ բուռ մը գրող մտաւորականներ զոհ պիտի երթային տիրող աշխարհասփիւռ համաճարակին ու սրտի կաթուածի:
Սկսելու համար, նշենք անունները տաղանդաւոր արձակագիր՝ Սահակ Թութճեանի, բանաստեղծ գրական քննադատ՝ Գէորգ Քրիստինեանի, Մարտիկ Մատէնլեանի, Կարպիս Տէր Եղիայանի, Արմէն Տօնոյեանի, Անթուան Գարամանլեանի եւ մասնաւոպէս գրող քննադատ ու հմուտ գրականագէտ՝ Ստեփան Թօփչեանի: Սեւ այդ ցանկին վրայ պէտք է աւելցնենք քանի մը տարի առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուած Յակոբ Կարապենցին ու Ալիսիա Կիրակոսեանին անունները, որոնք իրենց կարգին հարստացուցած էին գրական մեր կեանքը Ամերիկայի տարածքին:
Իբրեւ հայ դպրութեան նուիրեալ ծառաներ՝ տեսակ մը որբացածի զգացում կը պատէ մեր հոգիները, երբ մտաբերենք գրական այն շէնշող մթնոլորտը, որ կը տիրէր այժմ մահացած մեր ընկերներուն ներկայութեամբ: Աստուած իմ, այս ի՛նչ ահաւոր կորուստ է… Իբրեւ սփիւռքահայ գրասէրներ ու գրողներ՝ որբացած կը զգանք մենք զմեզ: Շլմորած ու հոգեպէս ցնցուած՝ ոչ միայն մեր գրչեղբայրներուն անժամանակ կորուստով, այլ մասնաւորապէս Ղարաբաղի 44օրեայ պատերազմին պատճառած արհաւիրքներուն, մարդկային ու հողային կորուստներուն հետեւանքով: Այդ մասին մտածելն իսկ սարսափի ու անդոհանքի կը մատնէ մարդս:
Կարելի է երկար անդրադառնալ վերոյիշեալ հոգեկան ցնցումներուն: Սակայն, այս պահուն, պիտի կեդրոնանանք Ստեփանին եւ միւս գրողներու ցաւալի կորուստին վրայ: Ի դէպ, մեր կողմէ կիրարկուած չափի զգացումը մեզի կը յուշէ բաւարարուիլ այսքանով ու շեշտը դնել մեզի հարազատ գրչեղբօր՝ Ստեփանին հետ մեր մտերմութեան ու բարեկամական կապերուն վրայ:
Թէ ինչպէս եւ ինչ առիթով առնչութիւն ունեցայ Թօփչեան եղբայրներուն հետ, որոնց գրական յանդուգն տեսութիւնները լարուած հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին ամբողջ Սփիւռքի տարածքին:
Ութսունական թուականներուն, Ստեփանին գլխաւորութեամբ տարուած երկարատեւ պայքարներու գնով այդ զոյգ մը տաղանդաւոր ու մարտունակ եղբայրները ձեռնարկեցին «Սփիւռքահայ Գրականութիւն» շարքի հրատարակութեան, որուն առաջին հատորը լոյս տեսաւ 1985ին «Սովետական Գրող» հրատարակչատունէն:
Սակայն, հազիւ լոյս տեսաւ՝ ի ցաւ հայրենի եւ մասնաւորապէս սփիւռքահայ գրասէրներուն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ազնիւ գրողներու, անմիջապէս հրապարակէն հաւաքուեցաւ նոր լոյս տեսած տարեգիրքը, ուր լայնօրէն տեղ տրուած էր սփիւռքեան տարբեր գաղութներէն հետեւեալ նորարար գրողներուն՝ Իգնա Սարըասլան՝ Թուրքիա, Վարանդ՝ Պարսկաստան, Հիլտա Գալֆայան՝ Ֆրանսա, Զորայր Միրզոյեան՝ Պարսկաստան եւ Պօղոս Գուբելեան՝ Միացեալ Նահանգներ:
Այդ ճակատագիրին արժանանալու համար, ու՜ր եւ ինչ բանի մէջ կը կայանար Թօփչեան եղբայրներու կարծեցեալ յանցանքը: Արդեօք անոնք սխալմամբ թուրք հեղինակներու յատկացուցած էին իրենց տարեգրքին սուղ էջերը… թէ՝ անարժան, անարիւն հայ գրողներու: Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ: Գաղտնիքը կը կայանար անոր մէջ, որ Սփիւռքէն ղրկուած զրպարտագիր մը, իբր թէ դաշնակցական հակումներով զոյգ մը գրողներու տեղ տուած էին Թօփչեանները իրենց տարեգիրքին սուղ էջերուն մէջ: Սփիւռքահայ զրպարտիչներուն ամօթալի այդ արարքը պատճառ դարձաւ, որ պետական որոշումով հրապարակէն անհետանար Սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն նուիրուած կարեւոր այդ շարքը, որ սովետահայ քարացած միտքերը յեղաշրջելու կոչուած էր: Իրենք զիրենք «Հայաստանասէ՜ր ու յառաջդիմակա՜ն» մտաւորական համարող այդ սողունները կատարեցին իրենց տխեղծ պարտականութիւնը… եւ վե՜րջ:
Դժբախտ այդ պատահարը պատճառ դարձաւ, որ լայնախոհ ու իրաւ հայրենասէր Թօփչեան եղբայրներուն հետ բարեկամական սեղմ կապեր հաստատենք:
1992ին, առաջին անգամ Թօփչեան տաղանդաւոր եղբայրներուն հանդիպեցայ Երեւանի մէջ, ուրկէ մանչուս հետ կը փորձէինք պատերազմող ու իր գոյութեան համար մարտնչող Ղարաբաղ անցնիլ:
Ջեռուցիչի, ելեկտրական հոսանքի եւ հոսող ջուրի չգոյութեան՝ պանդոկները փակ էին եւ մենք ստիպուած՝ բարեկամի մը պարապ յարկաբաժինը իջեւանեցանք: Մենք ալ մեր կարգին, ինչպէս ոեւէ երեւանցի, սննդեղէն ճարելու սուր տագնապը կ՛ապրէինք: Օր մը, ձիւնապատ փողոցի մը սառած սալահատակին վրայ, երբ հերթի կայնած էի վասն յանապազօրեայ հացի, այնտեղէն պատահմամբ անցնող անցորդ մը, ամերիկացի քաղաքացիներուս խեղճացած վիճակը տեսնելով՝ սկսաւ բարձրաձայն հռհռալով խնդալ: Ստեփանն էր… ակամայ մեզ ալ վարակեց անոր խնդուքը: Պէտք է ընդունինք, թէ հայրենիք մեր կեցութեան շրջանին Թօփչեանները, Տէր Գուլանեանն ու ղափանցի Դերենիկը մօտիկէն զբաղեցան մեր կեցութեամբ ու իբրեւ խաւար այդ օրերուն Երեւան ժամանած հազուագիւտ հիւր գրող, անարժանս պետական պատկերասփիւռի կայանը հրաւիրեցին եւ առիթ տուին, որ երկու տարբեր առիթներով, Գրողներու միութեան սրահը, եղանակին առաջին ելոյթները ունենայի: Յետոյ արդէն Ալեքսանդրը Փարիզ հաստատուեցաւ, իսկ Ստեփանը Քալիֆորնիոյ մեր ափերը յայտնուեցաւ, ուրկէ սկիզբ առաւ մեր մտերմութիւնը:
Տաղանդաւոր երկու եղբայրներն ալ արտասահմանի մէջ շարունակեցին ստեղծագործական իրենց աշխատանքները: Այդ մասին անդրադարձած եմ ժամանակին: Պէտք է շեշտել, որ ողբացեալ մեր գրչեղբայրը հմուտ գրականագէտ մը ըլլալու կողքին, տաղանդաւոր գեղանկարիչ էր, որուն գործերը կը փնտռուէին արուեստասէրներու կողմէ: Տակաւին միտքէս չեմ կրնար վանել այդ նուիրումը, որուն լծուած էր մեր ընկերը «Երուանդ Քոչար»ի մենագրութեան նուիրուած վերջին գործը գրած շրջանին: Կարծես կը զգար գալիքը ու գիշեր ցերեկ ճգնելով օր առաջ կ՛ուզէր իր աւարտին հասցնել հոյակապ այդ գործը:
Սրտաբեկ պիտի փնտռենք մեր մտերիմ ընկերոջ ներկայութիւնը:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի վարպետ…
20 Ապրիլ 2021