Կիրակի, 25 Ապրիլին, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման յուշահանդէս մը, կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի հայ համայնքին, գլխաւորութեամբ՝ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէին:
Յետ եկեղեցական արարողութեան, համայնքի բազմամարդ հայրենակիցները հաւաքուած էին եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ յարգելու համար Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը Տէրունական աղօթքով կատարեցին ձեռնարկին պաշտօնական բացումը: Յայտագիրը վարեց հանրածանօթ դերասան Սարգիս Գրիգորեան: Յայտագրին ընթացքին խօսք առին ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գարեգին Քարազեան եւ Քալիֆորնիոյ Հայ իրաւաբաններու միութեան նախկին ատենապետ Կարօ Ղազարեան, որոնք, գնահատելով հանդերձ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, շեշտեցին, թէ մեր պայքարը աւարտած չէ, այլ ընդհակառակը՝ Հայկական Հարցը կը մտնէ նոր փուլ, նկատի ունենալով, որ մեր թշնամին ոչ միայն տակաւին չէ ընդունած իր իրագործած ցեղասպանութիւնը, տակաւին ներողութիւն չէ խնդրած, տակաւին իր բռնագրաւած հողերը չէ վերադարձուցած իր բուն տէրերուն, այլ կը շարունակէ գործել բարբարոսաբար գրաւել նոր տարածքներ, քանդելով պատմամշակութային կոթողներ ու եկեղեցիներ եւ բռնի կերպով պահելով ռազմագերիներ:
Յայտագիրին գեղարուեստական բաժնին մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Պերճ Քարազեան «Դլէ Եաման» , «Կռունկ» եւ «Կիլիկիա» երգերով, Սարգիս Գրիգորեան՝ Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Նախճիրի» ստեղծագործութենէն հատուած մը ասմունքելով, ապա Հայաստան Մշակութային կեդրոնի պարախումբը «Եօթը Բուռ Հող» խորագիրով պարին ներկայացումով՝ ղեկավարութեամբ պարուսոյց Տիգրան Վարդանեանի:
Ձեռնարկին աւարտին, ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մեր բոլոր հին եւ նոր զոհուած նահատակներու հոգիներուն, ծաղիկներ զետեղելով եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքարին շուրջ ու ձեռնարկի վայրէն մեկնեցան, դարձեալ վերահաստատելով իրենց երդումը, մեր թշնամի թուրքին փոխանցելով յստակ պատգամ, որ ան իր ծրագիրին իրականացման մէջ ձախողած է եւ թէ մենք «կա՛նգ, պիտի լինե՛նք եւ դեռ պիտի շատանա՛նք» :