ԹԵՀՐԱՆ, «Ահվալ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի իր թուրք պաշտօնակիցին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կոչ ըրաւ՝ չսատարելու Իսրայէլի շրջանային քաղաքականութեան:
«Շրջանին մէջ Իսրայէլին աջակցիլը վտանգաւոր է», ըսաւ Ռոհանի եւ խօսեցաւ շրջանին մէջ «ապահվութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան» ուղղուած համագործակցութեան կարեւորութան մասին:
Ռոհանիի այս կոչը ըրաւ Նաթանզի հիւլէակայանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին պատճառով Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ: