
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ընթացող ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա կը յուսայ, որ Հայաստանի մէջ նախատեսուած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենան «թափանցիկ եւ ժողովրդավարական ձեւով»:
Շեշտելով, որ Հայաստան քաղաքական կարեւոր իրադարձութեան՝ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշէմին է՝ Մաթվիենքօ յայտնեց. «Մենք յոյս ունինք, որ ընտրութիւնները պիտի արտօնեն կայունացնել Հայաստանի մէջ ընկերային կացութիւնը»:
Ան նաեւ Արցախի տագնապի կողմերուն կոչ ըրաւ՝ զերծ մնալու ապակայունացող յայտարարութիւններէ եւ աջակցելու հաստատուած փխրուն խաղաղութեան՝ շարժելով դէպի շրջանին մէջ կացութեան վերջնական կարգաւորում: «Անիկա անհրաժեշտ է ո՛չ միայն Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, այլ նաեւ Ռուսիոյ եւ շրջանի բոլոր պետութիւններուն համար»:
Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը ընդգծեց, որ օրակարգի վրայ է գերիներու փոխանակման հարցը: «Ռուսիա սկիզբէն իսկ ստանձնաւ «բոլորը բոլորին դիմաց» փոխանակման սկզբունքը: Հոլովոյթը կը շարունակուի: Եթէ չեմ սխալիր, աւելի քան 50 հայ պատերազմի գերիներ վերադարձած են իրենց հայրենիքը», նշեց Մաթվիենքօ: