ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 16 Ապրիլին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Արցախեան երկրորդ պատերազմին վիրաւորուած հինգ զինուորներ, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնեն Աւստրիա` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ՝ ստանալու անհրաժեշտ հետագայ բժշկական օգնութիւն եւ կատարուի վերջոյթներու փոխադիրներու (փրոթեզ) տեղադրումը: Ծրագիրի առաջին փուլին բուժում պիտի ստանան հինգ զինուորներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն, փրոֆ. Արմէն Չարչեան կաթողիկոսին ներկայացուց բուժման մեկնող զինուորները` տեղեկացնելով, որ Հայաստանի տարբեր բժշկական հաստատութիւններ իրենց առաւելագոյնը կատարեցին հայրենեաց պաշտպաններու կեանքը փրկելու համար:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ վիրաւորուած հայորդիները կարիք ունին լրացուցիչ բուժման, որպէսզի անոնց ապաքինումը ըլլայ առաւել արդիւնաւէտ ու ամբողջական՝ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին եւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան հայորդիներու հետագայ բուժումը Վիեննայի լաւագոյն բժշկական հիմնարկներուն մէջ կազմակերպելնուն համար։
Իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով քաջարի զինուորականներուն` Ամենայն Հայոց հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց անոնց` հայրենիքին մատուցած անձնուէր ծառայութեան եւ պատերազմի օրերուն դրսեւորած հերոսական ոգիին եւ դիմակայութեան համար: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակ երախտապարտ է եւ ըստ ամենայնի կ՛արժեւորէ անոնց` ի սէր հայրենիքին դրսեւորած անձնազոհ քաջագործութիւնները:
Հանդիպման աւարտին կաթողիկոսը յայտնեց, որ Մայր Աթոռը իր աշխարհասփիւռ թեմերուն ու համայնքներուն միջոցով ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` շարունակելու ըստ անհրաժեշտութեան կազմակերպել տարբեր վէրքեր ստացած զինուորներու բուժումը արտերկրի մէջ։