ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ աւելի մրցունակ եւ զատորոշուած մասնաւոր հատուածին օժանդակութեան համաձայնագիրի թիւ տասնհինգ փոփոխութեան ստորագրութեան առաջարկին:
Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ ներկայացուած թիւ 15 փոփոխութեան նախագիծով կը նախատեսուի յաւելեալ 8 միլիոն 200 հազար տոլարի չափով ֆինանսական յատկացումներու իրականացում, որ պիտի տրամադրուի ենթակառուցուածքային ծառայութիւններու բարելաւման աջակցութեան ծրագիրներուն:
Կը նախատեսուի նաեւ երկարաձգել համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտը մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2025: Ամերիկեան կողմէն տրամադրուող յատկացումներուն ընդհանուր գումարը ներկայիս կը կազմէ 91,800,980.41 տոլար: