ԽՍՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Մեծագոյն ուրախութեամբ ստացայ եւ հաճոյքով կարդացի ծնունդով եւ հոգիով իրաքահայ ճարտարագէտ Համբարձում Աղպաշեանի արաբերէնով գրուած 420 էջնոց գիրքը, նուիրուած՝ իրաքահայերու արդի պատմութեան:
Այս շքեղ հատորը լոյս տեսած է Մարտ 2021ին, Կլենտէյլի Սարգիս Թօփալեանի Երեւանի մեծանուն հրատարակչատուն/տպարանէն:
Մեղրահամ եւ շատ ճոխ արաբերէնով գրուած այս հրատարակութիւնը առաւելաբար Իրաքի ժողովուրդին համար է, Իրաք ապրող հայութեան արդի պատմութեան վրայ լոյս սփռելու նպատակով, եւ մեր ժողովուրդի նորահաս արաբերէն կարդացողներուն ալ, անոնց ծնողներու պատուաբեր պատմութիւնը ներկայացնելով:
Համբարձում Աղպաշեան ծնած է 1948ին, Պաղտատ: Աւարտած է Պաղտատի համալսարանի ճարտարագիտական բաժինը 1969ին: Հետեւած է նաեւ անգլերէն ի եւ քաղաքագիտութեան դասընթացքներուն:
Համբարձում Աղպաշեանի այս գիրքն ալ, նախկիններուն նման, ձօնած է իր թանկագին զէյթունցի հօր՝ Մինաս Կարապետ Աղպաշեանի քաղցր յիշատակին, հեղինակին առաջին երկու գիրքերը անգլերէնով լոյս տեսած են 2015ին եւ 2017ին, որոնց մէջ ներկայացուցած է հարիւր թուրք մտաւորականներ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են, իսկ 2016ին լոյս տեսաւ երրորդ գիրքը՝ «Յուշամատեան Իրաքի ՀԲԸՄիութեան (1911-1921)», որ հայերէնով գրուած է։ Երեք լեզուներով գրուած չորս հատորներն ալ գրաշարուած են նոյնինքն հեղինակին կողմէ:
Այս չորս հատորներն ալ իրենց բովանդակութեամբ եւ ներկայացմամբ հոյակապ գիրքեր են: Այս գիրքին մէջ կան 525 նկարներ. չորս տարիներու օրական երկար ժամերու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքն է այս հատորը:
Գիռքին մէջ՝ իբրեւ յառաջաբան եւ սրտի խօսք կայ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ, Գերագոյն խորհուրդի անդամ Վահան արք. Յովհաննէսեանի խօսքը: Իրաքահայ սրբազան հայրը ջերմ խօսքով մը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Իրաքի ազնիւ ժողովուրդին, որ 1915ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդին գրկաբաց ընդունեց, անոնց տուն, տեղ եւ ապաստան տուաւ: Սրբազան հօր խօսքը կը վերջանայ շատ յուզիչ արտայայտութեամբ՝ ըսելով. «Շուքրան լաքա եա Իրաքանա ալ հապիպ»՝ «շնորհակալութիւն քեզի սիրելի Իրաք»:
Իսկ գիրքին նախաբանը գրած է Լոս Անճելըսի մօտ Իրաքի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Սելուան Սանճարի, որ մեծապէս գնահատելով հայութեան ներկայութիւնը Իրաքի կեանքէն ներս՝ սրտանց շնորհաւորած է Համբարձում Աղպաշեանը այս շահեկան հատորին համար:
Հատորը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր բաժիններէ: Առաջին բաժինը ունի 9 ենթաբաժիններ. հոն կը կարդանք պատմական ակնարկ մը հին ժամանակներէ ի վեր Իրաք ապրողներու պատմութեան մասին, Մեծ Եղեռնէն ետք Իրաք հաստատուած հայերու մասին, անոնց աստիճանաբար տուն, տեղ, ընկերային կեանքի բարգաւաճման դրուագներու տեղեկութիւններ, Հայց. առաքելական, Հայ աւետարանչական եւ կաթողիկէ յարանուանութեանց մասին, կրթական, մշակութային ակումբներու, հրատարակչական, մամուլ, հայրենադարձութեան մասին եւ այլն:
Երկրորդ բաժինը ունի 6 ենթաբաժիններ կամ գլուխներ, ուր ձեւով մը կը ներկայացնէ հայոց բերած նպաստը Իրաքի կեանքէն ներս: Այս բաժինով կը ներկայացուին հայերուն արհեստաւորներ, մտաւորականներ, բժիշկներ, ճարտարագէտներ, գործարաններու տէրեր եւ Իրաքէն դուրս իրաքածին հայերու երեւելի դէմքերը եւ գիտնականները:
Այս հատորը ձեւով մը իրաքահայ գաղութի վերջին հարիւր տարիներու համայնագիտարանն է: Իրաքահայ գաղութի մասին այն բոլոր բաները, զորս կ՛ուզենք իմանալ հոն կը տեսնենք զանոնք:
Արդարեւ, այս գիրքը կարդալով՝ մեր հիացական տպաւորութիւններուն ջերմաչափը սնդիկի պէս արագօրէն կը բարձրանայ՝ այնքան հարուստ տեղեկութիւններ, անուններ մէջբերուած աղբիւրներէ եւ մէջբերումներ կարդալով:
Առ այդ, այս գիրքը կարդալով, ոչ միայն Իրաքի մէջ, այլ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայերը ուր որ գացին, ուր որ կայք հաստատեցին Իրաքի ազնիւ ժողովուրդի նման ընդունուեցան ապրած երկիրներու ժողովուրդներուն եւ իշխանութեանց կողմէ: Հայը իր աշխատասիրութեամբ, նուիրումով, ընտանեկան սրբութիւնները պահող ժողովուրդ՝ իրաւունք ունի հպարտանալու եւ ըսելու. Եւ ինչո՛ւ պիտի չհպարտանանք, Կանք պիտ լինենք եւ դեռ շատանանք»:
Համբարձում Աղպաշեանի այս գիրքը իր բովանդակութեամբ եւ դասաւորուած նիւթերով կրնայ օրինակ դառնալ այլ գաղութներու պատմութիւններ գրի առնելու համար: Մենք 1975ին նման աշխատանք մը տարած ենք Արժանթինահայ գաղութի պատմութիւնը գրելով. անիկա լոյս տեսաւ «Նոր Օր» թերթին մէջ, 1976ին եւ պահուած է ՀԲԸՄիւթեան Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական հիմնարկի արխիւներուն մէջ: Այդ տարիներուն Google չկար: Իսկ հիմա ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեանի այս գործը հիանալի աշխատանք մըն է, որ արժանի է ամէն գնահատանքի:
Գրիչդ դալար, քաջառողջութեան եւ նորանոր հրատարակութիւններու, սրտագին մաղթանքներով կ՛ըսենք, վարձքդ հազար կատար ըլլայ մշակ բարի եւ յարգարժան: