ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հանրային կապերու բաժինի պետ Նունէ Յովսէփեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ կը պատրաստուի Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին յատուկ յայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճանի մէջ բացուած, այսպէս կոչուած, «Պուրակ»ին մէջ արցախեան պատերազմին վերաբերող ցուցադրուածներուն վերաբերեալ:
«Այս պահին միայն արձանագրում ենք, որ տեղի ունեցածն ապացուցում է այն, ինչ մշտապէս յայտարարում է Մարդու իրաւունքների պաշտպանը. խաղաղասիրութիւնը մեզ համար բարձրագոյն արժէք է, բայց մենք չպէտք է թոյլ տանք, որ մեզ թմրեցնեն ադրբեջանական կեղծ խաղաղասիրութեամբ. դա պարզապէս շղարշ է` նախատեսուած միջազգային հանրութեան համար», յայտնեց ան:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 12 Ապրիլին Պաքուի մէջ այցելեց ղարաբաղեան վերջին պատերազմին իբրեւ աւար վերցուած հայկական զրահամեքենաներու նորաբաց այգին՝ 5 հեկտար տարածքի վրայ: Այգիին մէջ ցուցադրուած են հայկական զրահամեքենաները, հայ զինուորներուն պատկանած սաղաւարտներ եւ այլն: