ՄԻՆԷԱՓՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.».- Մինիսոթա նահանգի Մինէափոլիս քաղաքին մէջ, Երկուշաբթի օր տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց մասնակցողները դատապարտեցին 20ամեայ սեւամորթ երիտասարդի մը՝ ոստիկաններու կողմէ սպանութիւնը։
Ոստիկանները արցունքաբեր կազ, ձայնային ռումբեր եւ ձգախէժէ փամփուշտներ արձակեցին ցղուցարարներուն դէմ։
Յատկանշական է, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան այն միջոցին, երբ քաղաքին մէջ կը դատուի անցեալ տարի, սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտը խեղդամահ ըրած այլ ոստիկանի մը դատավարութիւնը։