ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ ամրապնդումը եւ Անգարայի աշխոյժ արտաքին քաղաքականութիւնը կը մտահոգեն շարք մը երկիրներ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան:
Ան յիշեցուց, որ մինչ անցեալին արտասահմանի մէջ թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն թիւը 163 էր, անիկա ներկայիս բարձրացած է 251ի:
«Թուրքիա իր ներդրումը կ՛ունենայ զանազան շրջաններու մէջ տագնապներու երկարաժամկէտ լուծման հոլովոյթին մէջ՝ Լիպիայէն Սուրիա, Արեւելեան Միջերկրականէն մինչեւ Եգէական ծով, Կիպրոսէն Ղարաբաղ: Մենք աշխոյժ ենք թէ՛ բանակցային սեղանի վրայ, թէ՛ ալ գետնի վրայ», նշեց Թուրքիոյ նախագահը:
«Լեռնային Ղարաբաղի հողերը 30ամեայ հայկական բռնագրաւումէն ազատագրելու գործին մէջ մենք կ՛աջակցէինք Ատրպէյճանին, կ՛աջակցէինք Ատրպէյճանի յաղթանակին», աւելցուց Էրտողան: