ՀՌՈՄ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Անգարայի մօտ Իտալիոյ դեսպան Մասսիմօ Կայանի կանչուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, որովհետեւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակի Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին խիստ քննադատութիւններ կատարեց՝ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենին աթոռ չտրամադրելու որոշումին պատճառով, Էրտողանի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ հանդիպումին ընթացքին: Իտալիոյ վարչապետը նաեւ Էրտողանը բռնապետ կոչեց:
Այս քննադատութեան հակադարձեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, որ ըսաւ. «Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք Իտալիոյ նշանակեալ վարչապետ Մարիօ Տրակիի անընդունելի եւ ամբոխավարական հռետորաբանութիւնը, անոր տգեղ յայտարարութիւնները մեր ընտրուած նախագահի հասցէին, եւ զանոնք իրեն կը վերադարձնենք»:
Միւս կողմէ, Ֆրանսա-Թուրքիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբէն ֆրանսացի երեսփոխաններ սկսան հեռանալ խումբէն, Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու Անգարա այցելութեան ընթացքին ֆոն տեր Լէյենի հետ պատահած աղմկայարոյց միջադէպին պատճառով:
Ֆրանսացի երեսփոխան Էրիք Քիոթի այս գծով գրած է հետեւեալը. «Բռնակալ Էրտողան կը շարունակէ նուաստացնել Եւրոպան։ Կոչ կ՛ընեմ վերջնականապէս կասեցնելու Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները»:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ եւս իրենց վրդովումը յայտնեցին Անգարայի մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ: