ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի եւս ձայնը միացուցին Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին նախաձեռնած՝ «Այո՛, Ցեղասպանութիւն Է» համացանցային արշաւին, որուն նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու մասին իր խոստումը յարգել տալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին:
«Ժամանակն է ճշմարտութիւնը հաստատելու եւ յիշելու պատմութեան ողբերգութիւնները, որպէսզի մենք անոնք այլեւս չկրկնենք: Ժամանակն է, որ բոլորս, բարեկամս՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Լոս Անճելըսի ղեկավարները, Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի իշխանութիւնները միաձայնութեամբ յայտարարեն, որ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը սգանք մահը այն 1.5 միլիոն հայերուն, որոնք դաժանօրէն սպաննուեցան ահաբեկման ծրագրուած կանոնաւոր արշաւին ընթացքին: Միշտ պիտի կանգնինք հայերու կողքին, որոնք արդարութեան, խաղաղութեան եւ ապահովութեան ջատագովն են», գրած է Կարսեթի:
Համացանցային արշաւին միանալու համար այցելել yesitsgenocide.org կայքը։