ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 10 Ապրիլին, Կիրակամտից ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, ձեռամբ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուչութեան արարողութիւնը:
Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն արժանացան Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Արտակ վրդ. Արապեան, Հրանդ վրդ. Թահանեան, Շնորհք վրդ. Աշըգեան, Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան: Իսկ հայրապետին յատուկ արտօնութեամբ Վարդան վրդ. Թաշճեան եւ Պետրոս Մանուէլեան Ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը պիտի ստանան իրենց ծառայած թեմերուն մէջ:
Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը: Ան իր քարոզին առանցքը դարձուց մեր Քրիստոսի խօսքը՝ արտասանուած Լերան Քարոզի պահուն. «Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը Ոչ. անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.37):
Անդրադառնալով ներկայ կեանքի պայմաններուն՝ սրբազանը ըսաւ, որ այս օրերուն յատկապէս, երբ ամբողջ մարդկութիւնը տագնապներէ կ՛անցնի, մեր ժողովուրդը եւ մեր եկեղեցին կարիքը ունին ո՛չ թէ խօսքին ճարտարութիւնը ունեցող անձերու, այլ համոզումը, հաւատքը, յանձնառութիւնը ու մանաւանդ խօսքը գործի վերածելու գիտակցութիւնը: Կը հաւատամ, որ այս նուիրական Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը այսպէ՛ս եղած է դարերու ընթացքին ու այսպէ՛ս կը շարունակուի այսօր՝ առաջնորդութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Իր քարոզին աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազանը հրաւիրեց կաթողիկոսը, որպէսզի իր Հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցէ նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն: Այս առիթով, Հայրապետը իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ եւ թելադրանքները փոխանցեց նոր աստիճանակիր հայր սուրբերուն: