ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի պատերազմին ընթացքին անհետ կորսուած զինուորներու ծնողները, ինչպէս նաեւ 8 Ապրիլին սկզբունքով Հայաստան վերադարձուող, սակայն չվերադարձած գերիներուն ծնողները 8 Ապրիլի երեկոյեան եւ 9 Ապրիլին փակ պահեցին պաշտպանութեան նախարարութեան մուտքերը, ցոյց կատարեցին կառավարութեան շէնքին դիմաց, ինչպէս նաեւ զանազան շրջաններու մէջ ճամբաներ փակեցին՝ պահանջելով յստակացնել իրենց զաւակներուն ճակատագիրը։
Պաշտպանութեան շէնքին մօտ մեծ թիւով ոստիկաններ տեղակայուեցան, իսկ շրջափակման մէջ պահուող շէնքէն պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարները եւ աշխատակիցները դուրս ելան ռազմական ուղղաթիռով: Լարուած մթնոլորտ ստեղծուեցաւ շէնքին առջեւ, գերի ինկած զինուորներէն մէկուն հայրը նոյնիսկ փորձեց ինքզինք հրկիզել։
Երեկոյեան, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարը ընդունեց անհետ կորսուածներուն ծնողները, սակայն, վերջինները հաստատեցին, որ հանդիպումը բոլորովին ապարդիւն էր, որովհետեւ ան պատասխան չունէր իրենց բոլոր հարցումներուն։ «Այս մարդիկ բացարձակապէս չեն տիրապետում իրավիճակին: ԳՇ պետն ասում է, որ իր իրաւասութիւնների ներքոյ որեւէ հարց չկայ: Այսինքն` ակնկալիք չկայ: Աշխատում են, աշխատում են, բայց աշխատանքը չկայ», ըսաւ ցուցարարներէնէն մէկը:
Ասոր զուգահեռ, գերի ինկած շիրակցի զինուորներուն ծնողները եւ հարազատները, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմէին խծաբերդցիները, փակեցին Գիւմրի-Երեւան մայրուղին, Հոռոմի խաչմերուկի հատուածը, Ազատանի մուտքը, Գիւմրի-Վանաձոր միջպետական, ինչպէս նաեւ Աշոցքից Գիւմրի մտնող ճամբաները, նաեւ Իսահակեան եւ Բայանդուր գիւղերը տանող հատուածը:
Նշենք, որ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութենէն ետք Խծաբերդի եւ Հին Թաղերու հատուածէն գերի տարուած 64 պահեստազօրայիններէն նախորդ ամիսներուն հայրենիք վերադարձուեցան միայն 8 հոգի:
Ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ առաջին պաշտօնական մեկնաբանութիւնը հնչեց իշխանական պատգամաւոր, պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի կողմէ: Պատգամաւորը 9 Ապրիլի առաւօտեան յայտարարեց, որ եղած է գերիներու վերադարձի պայմանաւորուածութիւն, որ խախտուած է։
Այս հակասական իրավիճակը աւելի խորացաւ, երբ այս հարցին մասին մեկնաբանութիւն կատարեց Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Ալեն Սիմոնեան: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ իշխանութիւնները գերիներու վերադարձին շուրջ ոչ թէ պայմանաւորուածութիւն ունեցած են, այլ ընդամէնը՝ յոյս: «Յոյս է եղել, որ այդ թռիչքն իր հետ լուր կը բերի եւ կը կարողանանք գերիներ տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութիւն: Մենք պէտք է այդ ապատեղեկատուութեան համար ներողութիւն խնդրենք ծնողներից», ըսաւ ան։
Նոյն ատեն, Ալեն Սիմոնեան պնդեց, որ ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ գերիներու վերադարձին մասին յայտարարութիւն չէ կատարած: Մինչդեռ, տարբեր աղբիւրներ նշեցին, որ Փաշինեանի խօսնակ Մանէ Գէորգեան եւ Աւինեանի խօսնակ Նժդեհ Յովսէփեան այս մասին յայտարարեցին։
Միւս կողմէ, Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար Ռուստամ Մուրատով, պատասխանելով «Հրապարակ» օրաթերթի այն հարցումին, թէ Հայաստանի պաշտօնատար անձեր ինչո՛ւ յայտարարեցին, թէ հայ գերիները կը վերադառնան Հայաստան, երբ ոչ ոք վերադարձաւ՝ ըսաւ. «Կեղծիք ու սադրանք. իրենց հարցուցէք. անոնք մոլորութեան մէջ ձգեցին բնակչութիւնը։ Ասիկա սովորական աշխատանքային այցելութիւն էր»։
Ասոր կողքին, ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Եուսեֆ պըն Ահմետ Ուսայմինի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնած էր, որ իր երկիրը անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքները մարդոց վերադարձը ապահովելու համար։ «Սակայն Ատրպէյճանի նման կառուցողական դիրքորոշման դիմաց մենք կը տեսնենք Հայաստանի ապակառուցողական քայլերն ու յայտարարութիւնները», աւելցուցած է Պայրամով։