ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ, թէ կաշառքի մեղադրանքով պաշտօնազրկուած են երկու բարձրաստիճան թուրք ոստիկաններ:
Ըստ թերթին՝ ոստիկանները Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուէն 500,000 լիրա պահանջած են, երբ ան անցեալ տարուան Արցախեան պատերազմի հրատապ օրերուն, ոստիկանութեան դիմած էր ապահովական նկատառումներով…
Շիրինօղլու հարցը փոխանցած է ներքին գործոց նախարարին, որմէ ետք ոստիկաններէն մէկը հրաժարած է իր պաշտօնէն, իսկ միւսը դիմած է թոշակառու դառնալու: