
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Աւանի նստավայրին մէջ 7 Ապրիլին տեղի ունեցաւ դատաքննութիւն, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանի ներկայացուցած բողոքը Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն, ոստիկանութեան աշխատակիցներուն, Հայաստանի Ազգային ապահովական ծառայութեան Պետական պահպանութեան ծառայութեան պետին դէմ` 28 Դեկտեմբերին խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ կիրառուած բռնութիւններուն եւ այլ ապօրինութիւններու վերաբերեալ։
Դատաքննութեան ընթացքինմ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ նշեալ կառոյցներու աշխատակիցները առանց որեւէ հիմքի, իրենց ծառայողական դիրքը օգտագործած են ձերբակալելով քաղաքացիները։

Ան նշեց, որ ինք 5 տարի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եղած է եւ շատ լաւ գիտէ պատգամաւորի լիազօրութիւնները, եւ երբ հանրութիւնը կը պահանջէ հանդիպում ունենալ պատգամաւորի մը հետ, եւ այդ հանդիպման անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է յատկապէս զգայուն այնպիսի հարցերով, ինչպիսին հայրենիքի դաւաճանութեան մէջ հանրային մեղադրանքն է, պատգամաւորը առնուազն պէտք է համապատասխան վարքագիծ դրսեւորէ, եւ ոչ թէ յարձակողական ու հրահրող վարքագիծ:
Մինասեան յստակացուց, որ խօսքը Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեանի եւ այլ պատգամաւորներու մասին է, որոնք 28 Դեկտեմբեր 2020ին նման վարքագիծ դրսեւորեցին:
«Այստեղ դուք չփորձեցիք տեսնել իրաւապահ մարմնի` Ոստիկանութեան վարքագիծը որքանով է եղել իրաւաչափ եւ համաչափ, դուք չգնահատեցիք դա, դուք ընդամէնը մի դրուագ ներկայացրիք, որ` փողոցը մի պահ փակ էր եւ, հետեւաբար, նրանք պէտք է ազատէին: Իսկ ես պնդում եմ, եւ դա իմ հաղորդման մէջ կայ, այնտեղ, որտեղ ես եմ գտնուել, ոչ միայն երթեւեկելի մասը փակ չէր, այլեւ մարդիկ գտնւում էին մայթերի վրայ, մարդկանց բերման էին ենթարկում մայթերից, ընդ որում, անհամաչափ ուժի գործադրմամբ` այն, որ անձի թեւերը ոլորում են երկու-երեք հոգով ու տանում են: Երբ ես հարցնում եմ` ձեր ղեկավարն ո՞վ է, ի՞նչ հիմքով էք սա անում, փոխարէնը ընդամէնը հիմքեր ներկայացնեն, յանձնարարում են, որ ինձ բերման ենթարկեն», դիտել տուաւ Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ անոր՝ ոստիկանութեան եւ պետական պաշտպանութեան ծառայութեան ղեկավարի ակնյայտ յանցագործութիւններ պարունակող վարքագիծը, ըստ էութեան, պատշաճ ընթացք չէ ստացած, որովհետեւ իրենց բողոքներուն հիման վրայ թէ՛ քննչական մարմինները, թէ՛ դատախազութիւնը ցուցաբերած են անգործութիւն` յայտնելով, որ յանցագործութիւն չեն յայտնաբերած:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի՝ ասիկա ոչ միայն մասնագիտական, այլ նաեւ հանրային դատապարտելի վարքագիծ է. «Եթէ այսպիսի վարքագիծը չդրսեւորուէր դատախազութեան կողմից, հետագայում մենք չէինք ունենայ բռնութեան նոր դէպքեր: Սա եւս ապացոյցն է այն բանի, որ մենք իրաւունք չունենք լռելու: Մենք պէտք է պայքարենք եւ պայքարելու ենք մինչեւ իրաւական պետութեանը բնորոշ եւ համապատասխան անձինք, որոնք խախտել են օրէնքը կրեն ամբողջական պատասխանատուութիւն», շեշտեց ան։
Դատական նիստը յետաձգուեցաւ, որպէսզի դատարանը ծանօթանայ գործով նիւթերուն: Յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 29 Ապրիլին։
«Մենք հասնելու ենք մեր ուզած իրաւական պետութեան կերտմանը, որտեղ դաւաճանները եւ նրանց սպասարկողները տեղ չունեն», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան: