ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթը վերջին շրջանին յաճախ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան: «Բաւական է տալ Նիկոլ Փաշինեանի անունը, որպէսզի նախապէս իրեն աջակցած եւ սատարած քաղաքացիներու դէմքը ծամածռուի», կը գրէ թերթը:
Յօդուածին հեղինակը՝ Ֆաուստեն Վենսան, Փաշինեանը որակած է «Թաւշեայ յեղափոխութեան երէկուան հերոսը»: Ըստ յօդուածագիրին՝ ան 2018ին խաղաղութեամբ եկած էր իշխանութեան գլուխը, որպէսզի վտարէ քաղաքական նախորդ վերնախաւը, սակայն Արցախի պատերազմի ծանր պարտութենէն ետք, այժմ ան դարձած է նուաստացած եւ պարտուած Հայաստանի խորհրդանշանը:
Հեղինակը կը մատնանշէ, որ ժողովուրդը զինք չի ներեր 9 Նոյեմբերի հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրած ըլլալուն համար, որովհետեւ Հայաստան տարածքային եւ մարդկային զգալի կորուստներ ունեցաւ: Թերթը տեղ տուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կուսակցութենէն դուրս եկած գործիչի մը խօսքերուն. «Նիկոլ Փաշինեան երկիրը կը ղեկավարէ օրաթերթի մը խմբագրութիւնը կառավարելու նման, բայց որեւէ հէնք չունի»:
Այս յօդուածէն կարճ ժամանակ առաջ ալ ֆրանսական հեղինակաւոր օրաթերթը տեղ տուած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման խնդրայարոյց գործընթացի ծանր հետեւանքներուն՝ մանաւանդ Շուռնուխի կացութեան: Ֆրանսական թերթը գրած էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայ վտանգաւոր իրավիճակին մէջ զարմանալի կրաւորականութիւն կը ցուցաբերէ, երբ Ատրպէյճան գործնականօրէն ինքնուրոյն կը գծէ սահմանը: