ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա.- Յունուարէն Մարտ 2021ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ ֆոնտը 5.6 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին: Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 5.5 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ պիտոյքներ ապահովեց AmeriCares (2.9 միլիոն տոլար) եւ Direct Relief կազմակերպութիւններէն (2.6 միլիոն տոլար):
Այս ժամանակաշրջանին, մեծարժէք ապրանքներ նուիրեցին նաեւ Ամերիկահայ Բժշկական միութիւնը (50,000 տոլար) եւ Providence Heart Medical Center հիւանդանոցը (1000 տոլար):
Նոյն ժամանակաշրջանին, նուիրուած դեղորայքը եւ բժշկական պիտոյքները առաքուեցան ՀԲԸՄի «Քլոտիա Նազարեան» Սուրիահայ գաղթականներու բժշկական կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ մանկական բարեգորածական հիմնադրամին, Հայաստանի Ակնաբուժական ծրագիրին, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական կեդրոնին, Նորք Մարաշ Բժշկական կեդրոնին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն:
2021ի առաջին երեք ամիսներուն, Հայաստան Արցախ ֆոնտը հայրենիք ուղարկեց հրատապօրէն անհրաժեշտ թթուածինի դարմանախուցեր (Hyperbaric Oxygen Chambers), COVID-19ով տառապողներու խնամքին համար ամբողջ նաւային արկղ մը պիտոյքներ, ինչպէս նաեւ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ՝ քաղցկեղի, սիրտի, աչքի եւ ստամոքս-աղիքային հիւանդներու համար:
Անցեալ 32 տարիներուն, Հայաստան Արցախ ֆոնտը եւ զայն նախորդած Միացեալ Հայկական ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 923 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2495 ծովային արկղերով:
«Հայաստան Արցախ ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուին, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան եւ շարունակեց՝ ըսելով. «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ ֆոնտի գրասենեակը. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. ե-նամակի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net: