Հակառակ համաճարակին ստեղծած ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն, անցնող օրերուն Աւագ Շաբթուան, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ, 2 Ապրիլին, Քրիստոսի Թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ՝ հաղորդուելու Քրիստոսի երկարաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանի դրուագներէն փոխանցուած խորհուրդով:
Թաղման արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. վեհափառը, շրջապատուած միաբան հայրերով:
Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը: Արարողութեան աւարտին կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին՝ վեր առնելով Քրիստոսի թաղման իմաստն ու պատգամը՝ ըսելով. «Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ մարդու փրկութեան համար: Նոյն նպատակին համար ան քարոզեց, հրաշագործեց, հալածուեցաւ, խաչուեցաւ եւ ապա յարութիւն առաւ: Մարդու փրկութիւնը կը պահանջէր մարդու վերամարդացումը՝ իր մեղքերուն թաղումով: Ահա այս նպատակին համար Քրիստոս թաղուեցաւ: Ան անմեղ էր, սակայն թաղուեցաւ մեր մեղքերը թաղելու եւ մեր մեղքերուն թաղումով մեզի վերանորոգ կեանք շնորհելու համար»:
Շարունակելով իր պատգամը՝ հայրապետը ըսաւ. «Ի՞նչ է պատգամը Քրիստոսի գերեզմանին: Այսօր մենք չենք եկած Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ լալու, ողբալու եւ զինք յիշելու, այլ՝ եկած ենք իրմէ խնդրելու, որ մեր մեղքերը իր հետ թաղէ, մաքրէ մեր կեանքը ու վերանորոգէ մեր մէջ ապականած աստուածային պատկերը: Այսօր եկած ենք Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ, հաւատարիմ մեր Քրիստոնէական կոչումին՝ մեր մեղքերուն թողութիւն խնդրելու, որպէսզի մեր կեանքը լեցուի մեղքին ու մահուան վրայ տարած Քրիստոսի յաղթական յարութեան շունչով»:
Թաղման աւարտին, վեհափառը կաթողիկոսարանի մասունքներուն մաս կազմող Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը պարունակող խաչով օրհնեց ժողովուրդը: Ապա, մինչեւ ուշ ժամերուն հաւատացեալները այցելեցին Մայր տաճարը եւ մեր եկեղեցւոյ հին աւանդութեան համաձայն՝ ծաղիկներ առին գերեզմանէն՝ իրենց տուները տանելու: