ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 31 Մարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Իրանէն հասած պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Համիտ Շահրիարի:
Շէյխ Շահրիար բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ իրանահայութեան եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր գործակցութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի մշակոյթի ու երկխօսութեան կեդրոնին միջեւ շարունակուող երկխօսութեան կարեւորութեան մասին: Նոյն ժամանակ, ան ընդգծեց վեհափառ հայրապետին եւ կաթողիկոսութեան իւրայատուկ դերը միջկրօնական գործակցութիւն ու փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնելու այնքան հրամայական աշխատանքներուն մէջ:
Իր կարգին, վեհափառ հայրապետը, ողջունելով շէյխ Շահրիարի այցելութիւնը՝ յիշեց Իրան կատարած իր այցելութիւնները եւ հանդիպումները կրօնական ու պետական պատասխանատուներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Իրանի հայ համայնքը իր հոգեւոր առաջնորդներուն, պետական երեսփոխաններուն եւ մշակութային, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներուն ճամբով իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Իրանի զարգացման: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց կրօններու կարեւոր դերը ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ պետութիւններու միջեւ համակեցութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու գծով:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի այժմու կացութեան եւ այդ ծիրին մէջ Իրանի կարեւոր դերին՝ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լուծման ուղղութեամբ: