ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ համաճարակին պարտադրած սահմանափակումներուն հետեւանքով, այս տարի Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ուսանողներուն հետ առցանց խորհրդատուութիւն եւ մարզումներ իրականացուցած է։
Նման խորհրդատուութիւններ եւ մարզումներ կը կատարուին՝ նպաստելու համար ուսանողներուն, որ համալսարանական իրենց ուսումը աւարտելէ ետք, կեանքի ասպարէզ նետուելու գծով աւելի լաւ տեղեկացուած որոշումներ տան եւ աւելի ինքնավստահ ըլլան աշխատանքի դիմելու ընթացքին։
Խորհրդատուութիւնը Լոս Անճելըսէն առաջնորդեց Հայ Կրթական հիմնարկութեան անդամ եւ երկար տարիներու կրթական մշակ Ալիս Պետրոսեան, իսկ Հայաստանէն անոր օժանդակեց Միմի Ծառուկեան։
Յատկանշական է, որ Հայ Կրթական հիմնարկութենէն կրթանպաստ ստացող առաւել քան 100 մասնակցողներուն մէջ այս տարի կային նաեւ Թիֆլիսի համալսարանները յաճախող աւելի քան 10 ջաւախքահայեր։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը ծրագրէ յաւելեալ խորհրդատուութիւններ եւ մարզումներ կատարել յառաջիկայ ամիսներուն։
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Անիկա նաեւ կ՛իրականացնէ դպրոցներու վերաշինութեան յատկանշական աշխատանք։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել aef@aefweb.org կայքը: