ԵՐԵՒԱՆ, «Սփիւթնիք Արմենիա».- Ատրպէյճանցիները աւերած են Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայրենական պատերազմի եւ Արցախեան առաջին պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած կոթողը: Շուշիի քաղաքապետը կը նշէ, որ կ՛ոչնչացուի ամէն ինչ, որ հայկական է:
Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան, անդրադառնալով «Թելեկրամ»ի ալիքներուն տարածած լուրերուն՝ հաստատեց, որ աշխարհը պէտք է կանգնեցնէ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող մշակութային այս վանտալիզմը:
Նշենք, որ «Թելեկրամ»ի հայաստանեան ալիքները ահազանգեցին, որ Ատրպէյճան հողին հաւասարեցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայրենական պատերազմի եւ Արցախեան առաջին պատերազմի զոհերուն յիշատակին նուիրուած կոթողը:
«Ես տեղեակ չէի եւս մէկ կոթողի ոչնչացման մասին, սակայն չեմ էլ զարմանում: Հարցն այն է, որ իրենք մշակոյթի արժէքը չեն հասկանում, քանի որ սեփականը չունեն: Վերջերս նաեւ Շուշիի հին հայկական գերեզմաններն են քանդել ու այնտեղ անհասկանալի մի շէնք են կառուցում», ըսաւ Սարգսեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայրենական պատերազմի եւ Արցախեան առաջին պատերազմի զոհերուն յիշատակին նուիրուած կոթողը 12 տարի առաջ կառուցուած է Ղազանչեցոցի տարածքին մօտ: Հոն կայ նաեւ պուրակ մը, ուր երկու խաչքար տեղադրուած էր` մէկը զօր. Մանուէլ Գրիգորեանին նուիրուած, միւսը՝ երկրաշարժի զոհերուն:
Սարգսեան դիտել տուաւ, որ արդէն կը ծրագրէին պուրակին մէջ մանկական խաղահրապարակ կառուցել: Շուշիի մէջ յիշատակի բոլոր արարողութիւններուն միշտ այդ պուրակին մէջ ծաղիկներ կը զետեղուէին:
«Տեղեակ եմ, որ քարերի վրայ ինչքան հայատառ գրութիւններ կան, ջնջում են մէկ առ մէկ եւ ադրբեջաներէն ու պարսկերէն գրութիւններ թողնում: Այս ամէնը կատարւում է ոչ միայն Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշիում, այլ նաեւ միւս բնակավայրերում: Կարծում եմ` պէտք է ամէն ձեւով բարձրաձայնել այս ամէնի մասին», յայտնեց Սարգսեան:
Ան աւելցուց, որ մինչ այս բազում անօրինութիւններ եղած են, իսկ աշխարհը լուռ եւ կոյր եղած է, այդ պատճառով ալ «այս օրին» հասանք: Սարգսեան հարցուց, որ երբ Նախիջեւանի մշակոյթը աւերեցին` ո՞վ որեւէ բան ըսաւ: