ԵՐԵՒԱՆ.- «Հրապարակ» թերթի լրագրող Լուսինէ Շահվերդեան կը գրէ, որ Թուրքիոյ հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն վերջին օրերու յայտարարութիւնները զարմանք յառաջացուցած են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Արցախի մէջ: «Ինչպէ՞ս կարելի է 44օրեայ գազանութիւններէ ետք մեր հակառակորդները դիտարկել որպէս ոչ թշնամի, եւ առհասարակ` իրենք փափաք ունի՞ն մեզ նոյն ձեւով դիտարկելու», կ՛արձագանգեն Արցախէն:
Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան, «Հրապարակ»ի հետ այս մասին զրուցելով՝ յայտնեց, որ խաղաղութիւնը, անշուշտ, լաւ բան է, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ գնով կը հաստատուի անիկա. «Ստացւում է, որ մեզ պէտք է ջարդէին, փշրէին, հայրենազրկէին, յետոյ ասէին` դէ, գիտէք, մեր հարեւաններն են, պէտք է խաղաղ ապրենք»: Շարունակելով՝ ան կը հարցնէ, թէ թուրքը արդեօք կ՛ուզէ՞ խաղաղութեամբ ապրիլ հայերուն հետ պատասխանելով. «Երբ յայտարարւում է, որ Զանգեզուրն էլ է մերը, Երեւանն ու Սեւանը, այս պարագայում խօսել խաղաղութեան մասին, կայ ընդամէնը մի բացատրութիւն` հրաժարուել պետականութիւնից, հրաժարուել Ցեղասպանութիւնից, տալ ամէն ինչ: Ձեր կարծիքով, 1918-20 թթ․ Կարսն ինչո՞ւ յանձնուեց, որովհետեւ հայ կոմունիստները, բոլշեւիկներն ասում էին` թուրքը մեր բարեկամն է, եւ մեր իշխանութիւնն է մեր թշնամին, ու կարելի է յանձնել, հանգիստ ապրել: Բայց ի՞նչ ստացանք»:
Արցախի պատգամաւորը խորհուրդ կու տայ, որ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները իսկապէս խաղաղութեան կը ձգտին, պէտք է նախ լծուին պետութեան հզօրացման: «Հայաստանի ոտքի տակ ընկած հեղինակութիւնը թող բարձրացնեն, եթէ խաղաղութիւն են ուզում: Մեզ հետ երբեւէ ոչ մէկն այսպէս չի յարաբերուել` ո՛չ թշնամի, ո՛չ հարեւան երկիր»:
Բալայեան նաեւ ըսաւ նաեւ, որ խաղաղութեան ձգտող իշխանութիւնը առաջնահերթ պէտք է նկատէ լծուիլ ապահովական հարցերու լուծման, մինչդեռ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդներու միացեալ նիստէն ետք որոշեցին Արցախի մէջ բնակարանաշինութեան զարկ տալ, Արցախի մէջ 110 միլիառ դրամի բնակարանաշինութեան եւ ենթակառուցուածքներու կառուցման ծրագիր պիտի իրականացուի, սակայն Արցախի թիւ մէկ հարցը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ անվտանգութիւնը։ «Դէ՛, եկէք Արցախում ոսկէ շէնքէր կառուցենք, տեսնենք` ովքե՞ր կ՛ապրեն այնտեղ, եթէ անվտանգ չէ», յայտնեց պատգամաւորը։
«Հայաստանը պէտք է խօսի այն մասին` կարողանո՞ւմ է արդեօք Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը լինել: Առանց տան էլ մարդ եոլա կը գնայ, կարող է վրանի տակ էլ ապրի, բայց` անվտանգ: Այո՛, բնակարանն էլ է կարեւոր, բայց կարեւորը նախ միջավայրն է, անվտանգութիւնը` որտեղ է ապրում, ինչ ապագայ ունի: Իսկ այսօր դուք տեսէք, թէ ինչ մթնոլորտ է ձեւաւորուել Հայաստանում, որ մենք Արցախին զինուոր չենք տայ: Թող այդ մթնոլորտը ցրեն: Մենք, փաստօրէն, դասեր չենք քաղում պատմութիւնից, կար ժամանակ էլ, որ ասում էինք` Արցախը բեռ է մեզ համար, մինչեւ չյանձնենք, լաւ չենք ապրելու: Հիմա թուրքը հասել է Սեւանի ափ, Գորիս: Մտածել, որ այդպէս յանձնելով ՀՀ քաղաքացին երջանիկ է ապրելու, այդպէս չէ»: շեշտեց Վահրամ Բալայեան: