ԵՐԵՒԱՆ, «Սփութնիք Արմէնիա».- Թրքական սպառազինութիւն տեղափոխուած է Հայաստանի հետ սահմանին մօտ՝ ռազմափորձեր կատարելու նպատակով, կը գրէ իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ» կայքը, հրապարակելով քանի մը լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւին հրասայլեր, հրետանիներ եւ զրահապատ մեքենաներ:
Կը նշուի, որ ռազմափորձերուն մասնակցող զրահապատ մեքենաները նախապէս օգտագործուած են Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին: Հրապարակման հեղինակները, յղում կատարելով վերլուծաբաններուն՝ կը նշեն, որ Անգարա եւ Պաքու մտադիր են յարձակում գործել Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վրայ, որ սահմանակից է Իրանին, ապա՝ կտրել հայ-իրանեան սահմանը:
«Իրան բազմիցս յայտարարած է, որ շրջանի միջազգային եւ աշխարհաքաղաքական սահմաններու փոփոխութիւնը իրեն համար կարմիր գիծ է: Լայնածաւալ պատերազմը կանխարգիլելու համար, Իրանի զինեալ ուժերը պէտք է անյապաղ տեղակայուին սահմանի երկայնքին՝ Հայաստանի եւ Նախիջեւանի միջեւ», կը նշուի հրապարակումին մէջ:
նկար
0327Sunik