ԵՐԵՒԱՆ.- «Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան հաստատեց, որ եթէ Փաշինեան կը մտածէ, թէ արտակարգ ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ինք ժողովուրդին գնահատականը պիտի ստանայ՝ այդ մէկը մեր երկիրը պիտի առաջնորդէ վերջնական կործանման, փլուզման:
«Եւ մի գուցէ յաջորդ շրջափուլում, երբ Նիկոլ Փաշինեանը շարունակի իր այս ձեռնածութեան, խայտառակ վարքագծով գործողութիւնները, մենք կարող է պարզապէս պետութիւն չլինենք, բազմահազար քաղաքացիներ պարզապէս արտագաղթեն: Նիկոլ Փաշինեանին մտահոգում է արդար դատաքննութեան արդիւնքում իրեն բաժին հասնող ճակատագիրը, այդ պատճառով ամէն գնով, ամէն վայրկեան փորձելու է կառչած մնալ այդ աթոռից, ինչը ստիպում է ոչ միայն շռայլ խոստումներ տալ, ոչ միայն կեղծի իրականութիւնը, այլեւ շարունակի ապապետական իր վարքագիծը», ըսաւ ան:
Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ ընդդիմութիւնը կը գործէ սահմանադրականութեան շրջագիծին մէջ, իսկ իշխանութիւնները անընդհատ ապօրինի քայլեր կը կատարեն:
Ան վերահաստատեց, որ ՀՅԴի օրակարգին վրայ արտահերթ ընտրութիւններու հարց չկայ՝ աւելցնելով, որ կը կասկածի, թէ իշխանութիւնները կատարեն ընտրութիւններ:
Անդրադառնալով ընդհանուր հրամանատարի պետ Արտակ Դաւթեանի յայտարարութեան՝ ան ըսաւ, որ պէտք է տրուին շարք մը հարցերու պատասխաններ , որոնց կարգին՝ առաւել քան 40 բարձրաստիճան սպաներու արժանապատուութեան վերաբերող։
«Արտակ Դաւթեանի յայտարարութիւնը ոչ միայն հակաօրինական, այլ հակաբարոյական է: Առնուազն Արտակ Դաւթեանը պէտք է պատասխանի այն հարցին, թէ ի վերջոյ 40ից աւել բարձրաստիճան սպայական կազմի ներկայացուցիչների յայտարարութեան ներքոյ ինքը ինչպէս է պատկերացնում այս սպաների արժանապատուութեան ապահովումը, եւ ինչպէս են այդ սպաները ընդունելու կամ կրելու այն բեռը, որը այդ յայտարարութեամբ իրենք արել էին նախապէս, երբ որ պահանջել էին կառավարութեան հրաժարականը, վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձի հրաժարականը, աւելին` գնահատել էին նրանց գործունէութիւնը որպէս ոչ օրինական», ըսաւ ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ընդդիմադիր ուժերէն որեւէ մէկը կ՚ուզէ՞ Նիկոլ Փաշինեանը գնդակահարուած տեսնել, եւ ինչէ մեկնելով է, որ Նիկոլ Փաշինեանը կը խօսի գնդակահարութեան մասին՝ Մինասեան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը իր կազմաւորման առաջին պահէն սկսեալ շատ կոշտ եւ չներող վերաբերմունք ցուցաբերած է հայրենիքի դաւաճաններուն նկատմամբ, բայց ՀՅԴն՝ իբրեւ քաղաքական ուժ, երբեք չի դիմեր ահաբեկչութեան գործողութիւններու։
«Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր նեղ խմբակը շատ լաւ հասկանում են, որ հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ դաւաճանները երբեք այլ ճակատագրի չեն արժանացել, բայց ի տարբերութիւն իրենց նեղ պատկերացումների` այսօր քաղաքական ուժերը եւ հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը համակարծիք է, որ ամէն ինչ ընթանայ օրինականութեան, բարոյականութեան տիրոյթում: Եթէ ինքը եւ իր նման մտածողներն այդքան մտահոգ են, առնուազն իրենք պէտք է նախաձեռնէին դատական քննութիւն: Երբ որ ժողովրդի անունից Նիկոլ Փաշինեանը խօսում է, ասում է, եթէ ես մեղաւոր եմ, թող ժողովուրդը որոշի գնդակահարել, առնուազն մի քանի հարց է առաջանում: Նախ արձանագրենք, որ այս մարդը կապ չունի պետութեան, պետական հաստատութիւնների հետ. դատարանն է որոշում, թէ անձին ինչ պատժի պէտք է արժանացնել: Ժողովրդի տուած գնահատականը, այդ թւում` մեր բազմահազար այն քաղաքացիների, ովքեր 100ից աւելի օր հրապարակային գործողութիւններով, իրենց արտայայտած դժգոհութիւններով արդէն իսկ տուել են գնահատական, եւ եթէ այդ գնահատականը ժողովրդի գնահատականն է, ապա վաղուց Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է գնդակահարուած լիներ», ըսաւ ան: