ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 19 Մարտին՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, ազգային, պետական, հասարակական եւ կուսակցական գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան օրը, Երեւանի կեդրոնը կանգնած անոր յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ ՀՅԴի մեծ ընտանիքին անունով։
Օրուան ընթացքին անոր յուշարձանը այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի, ՀՅԴ մարզային կառոյցներու, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու անդամները:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան Արամի յուշարձանը այցելած երիտասարդներուն հետ զրուցեց նաեւ Հայաստանի պետականութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակէն դուրս գալու ելքերուն մասին` այդ բոլորը ներկայացնելով Արամի փոթորկալից կեանքի դրուագներուն ընդմէջէն: