Թոքիօ-2020ի Ողիմպիական խաղերու իր տոմսը ապահոված Վազգէն Թեւանեան (65 քկ.) շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ տիրացաւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի գօտիի Ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքի ախոյեանի կոչումին:
Արդարեւ, աւարտականին իր կատարած մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչը 9-0 արդիւնքով ջախջախեց եւ տապալեց Ռիօ-2016ի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի երրակի ախոյեան ատրպէյճանցի Հաճի Ալիեւը՝ բարձր պահելով Եռագոյն դրօշը:
Նշենք, որ Թեւանեան 2020ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին տիտղոսակիրն է:
Իր կարգին, Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ.) Հայաստանի համար ապահովեց երկրորդ ոսկի մետալը, երբ աւարտականին իր կատարած մենամարտին 8-3 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի Կէորկի Վանկելովին:
Նշենք, որ Յարութիւնեան 2019ին Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած էր:
Պուտափեշտի այս մրցաշարքին, Թոքիոյի ողիմպիականի իրենց տոմսը կրնան ապահովել միայն աւարտական հանգրուան հասած ըմբիշները: