ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Սուրբ Գրիգորի Լուսաւորիչ հայրապետին Խոր Վիրապ մուտքի տօնը, որ Անթիլիասի ուխտի օրն է, Մայրավանքի համանուն Մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ Կիրակի, 21 Մարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Յիշեալ տօնին աւանդութեան համաձայն՝ հաւատացեալներ տօնին նախօրէին Մայրավանքին մէջ կը գիշերեն, իսկ Կիրակի օրուան պատարագին, անոնք կը մասնակցին սուրբին Աջով գլխաւորուած Հայրապետական թափօրին, ապա՝ ջրօրհնէքի արարողութեան: Այս տարի, պսակաձեւ համաճարակին պատճառով, հաւատացեալներ չգիշերեցին Մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ սուրբին Աջով Հայրապետական թափօրը տեղի չունեցաւ, սակայն տօնը իր պատգամը չզլացաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Արդարեւ, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Շահան արք. Սարգիսեան: Իբրեւ բնաբան առնելով «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները…» (Եբր 13.7), սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բազմաչարչար կեանքն ու առաքելութիւնը «յիշելու», անոր հաւատքի վկայութեան «նայելու» եւ անոր լուսաւոր հաւատքին «հետեւելու» անհրաժեշտութեան եւ այժմէականութեան:
Պատարագին աւարտին, վեհափառ հայրապետը Ս. Խորան բարձրացաւ եւ Լուսաւորիչ հայրապետին Ս. Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը ու անոր բարեխօսութիւնը հայցելով՝ աղօթեց առ բարձրեալն Աստուած, որ սուրբին ժայռեղէն հաւատքով պահէ ու պահպանէ մեր ժողովուրդի կեանքը, քանդէ մեր շուրջ կանգնած չարիքներու ու մեղքերու պատուարը եւ մեզ առաջնորդէ դէպի երկնային շնորհքներու յաւերժախօս աղբիւր: Հայրապետը նաեւ աղօթեց, որ Ս. Աջին հովանիին տակ պահէ մեր ազգը ամբողջ՝ ի Հայաստան, Արցախ, Լիբանան եւ սփիւռս աշխարհին, հեռացնէ «Քորոնա» ժահրը, առողջութիւն շնորհէ հիւանդներուն, հեռու պահէ մեր ժողովուրդի զաւակները ամէն տեսակ ցաւէ ու տառապանքէ, օգնական ըլլայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ազատագրէ գերեվարութեան մէջ գտնուող մեր հայրենիքի զաւակները: