ՖՐԵԶՆՕ.- Վրիժարու մարտիկ Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր դահիճներէն Թալէաթ փաշայի ահաբեկման հարիւրամեակը պատշաճօրէն նշուեցաւ Կիրակի, 14 Մարտին, Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ զետեղուած Թեհլիրեանի յուշակոթողին առջեւ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին հովանիին տակ, ՀՅԴ Ֆրեզնոյի «Թեհլիրեան» կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ էին մօտաւորապէս 200 անձեր, որոնց մէկ մասը Լոս Անճելըսէն եւ Սան Ֆրանսիսքոյէն ժամանած էին։
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներուն դրօշակի տպաւորիչ արարողութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի քայլերգներուն կատարումով։
Ապա, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. աւաքելական Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեանի առաջնորդութամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։
Այնուհետեւ, հանդիսավար Սեւակ Ճիկերեան կատարեց ձեռնակին բացման խօսքը եւ բեմ հրաւիրեց օրուան գլխաւոր բանախօսները՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալիք Ուրֆալեան (հայերէնով) եւ Դրօ Մկրտիչեան (անգլերէնով)։
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀԵԴի կրտսերներու (պատանեկան) «Քրիստափոր» մասնաճիւղի անդամները, ներառեալ՝ Նունէ Պետրոսեան եւ Սեւանա Վասիլեան, որոնք բանաստեղծութիւններ ասմունքեցին։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատւոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, լուսարձակի տակ առնելով Սողոմոն Թեհլիեանի կարեւոր դերը՝ Ֆրեզնոյի հայ համայնքի պատմութեան մէջ։